ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան 2 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, իր հերթական հանդիպումը ունեցաւ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։ Անցեալ 28 Հոկտեմբերիին, Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած այս նոյն ձեւաչափով տեսակցութեան շարունակութիւնն էր հանդիպումը։
Պատրիարքը այս շրջանին լայն տեսադաշտով կը դիտարկէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը եւ այդ ամբողջին մէջ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ այն տարրերուն վրայ, որոնց գործունէութեան կայունութիւնը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ համայնքային կեանքի առողջ ընթացքը։ Բնականաբար, թրքահայ զանազան կառոյցներու գործունէութեան ընդհանուր կայունութեան երաշխաւորումը ներկայ դժուարին ժամանակաշրջանին ուղղակիօրէն կապ ունի տնտեսական հաւասարակշռութիւններու պահպանման հետ, որովհետեւ ներկայի նիւթական դժուարութիւնները, միջոցներու սղութիւնը հասած են գագաթնակէտին։ Այս բոլորը նկատի ունենալով, ան որոշած էր զօրակցիլ համայնքային լրատուամիջոցներուն։ Իր տնօրինութեամբ՝ պատրիարքը նախատեսած էր պատրիարքական աթոռին կողմէ տնօրինուած «Ռատիոյի ֆոն»ի միջոցներով աջակցութիւն ցուցաբերել թրքահայ մամուլին։ 2 Դեկտեմբերի հանդիպման ընթացքին, հայ թերթերու պատասխանատուներուն յանձնուեցան այն յատկացումները, որոնք սահմանուած էին ըստ լրատուամիջոցներու պարբերականութեան։
Մամլոյ սպասաւորները շնորհակալութիւն յայտնեցին պատրիարքին կողմէ ցուցաբերուած հոգածութեան համար՝ կարեւոր համարելով պատրիարքական աթոռին կողմէ կատարուած օժանդակութեան նշանակութիւնը, որ զուտ նիւթականով չի սահմանափակուիր եւ վերաբերումի մը շօշափելի դրսեւորումը կը հանդիսանայ։
Ընդունելութեան ընթացքին ծաւալած զրոյցին ընթացքին բոլորին հասարակաց մաղթանքը եղաւ, որ պատրիարքական աթոռին կողմէ ցուցաբերուած այս ոգին ուղեցոյց եւ առաջնորդ ըլլայ թրքահայ համայնքի վարչական բոլոր շրջանակներուն համար։
Նոյն երեկոյեան, «Լոյս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին վրայ մասնաւոր ծրագիրով մը քննարկուեցան պոլսահայ մամլոյ հարցերը՝ թերթերու խմբագիրներուն մասնակցութեամբ։