ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ նախաձեռնարկ մարմինը իր դիւանը կազմելով՝ սկսաւ հերթական ժողովներուն: Այս ծիրին մէջ եւ 29 Յուլիսին, պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած ժողովի որոշումին համաձայն՝ 31 Յուլիսին նամակ մը յղուեցաւ Թուրքիոյ կառավարութեան։
Ըստ նամակին մէջ տեղ գտած առաջարակին՝ 7 Դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր պատգամաւորներու ընտրութիւնը, իսկ յաջորդ օրը տեղի պիտի ունենայ աշխարհական պատգամաւորներու ընտրութիւնը, ժողովուրդին ձայներով։ Այս ընտրութեան արդիւնքներուն հիման վրայ, վերջապէս 11 Դեկտեմբերին, հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատգամաւորներ պիտի ընտրեն Թուրքիոյ պատրիարքական աթոռի 85րդ գահակալը:
Ժողովը նամակը յղեց Պոլսոյ կուսակալութեան՝ առաջարկելով ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ կանոնագիրը պատրաստել, մինչ այդ ընտրութեան համար ճշդուած թուականները պիտի փոխանցուին ներքին գործոց նախարարութեան՝ առ ի վաւերացում։
Կուսակալութեան ուղարկուած դիմում-նամակը ստորագրեցին՝ պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան եւ Նախաձեռնարկ մարմինի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու:
Նախաձեռնարկ մարմինի շրջանակները կը յայտնեն, թէ սոյն թուականները ճշդուած են ժողովականներուն միաձայն կամքով: Թուականը ճշդուած է ընտրողներու ցանկերու պատրաստութեան համար բաւարար ժամանակը նկատի ունենալով:
«Մեր դիմումով կ՛ակնկալենք, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաւանութիւն կու տայ ճշդուած թուականին եւ 1961ի կանոնագրութիւնը կը գործադրէ, ինչպէս որ ըրած էր 1990 եւ 1998-ի ընտրութիւններու նախօրեակին կամ ալ նոր կանոնագիր մը հրապարակէ», ըսաւ մարմինին մէկ անդամը:
Միւս կողմէ, պատրիարքութեան հաւանական թեկնածուներուն հրաւէր ուղղելու հարցը կը մնայ տեղապահի լիազօրութեան մէջ եւ ըստ երեւոյթին, այդ առումով յառաջընթաց մը չէ արձանագրուած: