ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- 2008էն իր վեր, Պոլսոյ քաղաքապետարանը կը մերժէ Պաքըրքէոյի Զէյթինլիք թաղամասին մէջ գտնուող փողոցներէն մէկը վերանուանել օսմանեան բանակի հայազգի վառօդապետ Յովհաննէս Տատեանի անունով: Հակառակ անոր, որ նոյն փողոցին վրայ կը գտնուի Տատեանի կողմէ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ Տատեան վարժարանը՝ քաղաքապետարանը կը պնդէ, որ փողոցը պէտք է կրէ «Մաբեթ» անունը:
Այդ փողոցի բնակիչները եւս կը պնդեն, որ անիկա պէտք է մնայ Տատեան անուանումով, որովհետեւ այնտեղ կը գտնուի համանուն վարժարանը եւ, վերջապէս, Յովհաննէս Տատեան արժանի մարդ եղած է, որ պայքարած է իրենց երկրին համար:
Տատեան ծնած է 1799ին եւ կարեւոր պաշտօններ ունեցած է օսմանեան բանակին մէջ: Ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ ունեցած յաջողութիւններէն ետք, Տատեան նշանակուած է վառօդապետ: Տատեանին կը պատկանի հրացանի փողի երկաթները ծակելու եւ մետաղի արտաքին շերտը ողորկելու գործիքի գիւտը: Տիրապետելով յունարէնին, ֆրանսերէնին, իտալերէնին, լատիներէնին, ինչպէս նաեւ գրաբարին՝ ան կատարած է բազմաթիւ գիտական նշանակութիւն ունեցող թարգմանութիւններ: Ան մահացած է 1869ին: Անոր աճիւնը ամփոփուած է իր կառուցած հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ: