« Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած արտաքին կողմերը պէտք է դադրեցնեն վտանգաւոր, սադրիչ եւ այլատեաց հռետորաբանութիւնը»: Սոյն յայտարարութիւնը կատարեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր բանագնաց Ժոզէփ Պոլելը, Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին:
Պորել կողմերուն կոչ ըրաւ անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու վերադառնալու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային սեղանին շուրջ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի Խումբի համանախագահներուն հովանիին տակ: Ան նաեւ պահանջեց անմիջապէս դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները: