«Ճեղքուած Մանրանկար» հատորէս կ՚անջատեմ այս հատուածը եւ կը նուիրեմ խորարմատ կաղնիին որ կը կոչուի Կարօ Արմէնեան, նաեւ արփաշող մայրիին որ կ՚անուանուի Յարութիւն Պէրպէրեան։
*****
Վեհանոյշ Թեքեան
Տեսա՞ծ ես Պէյրութի Պուրճի հրապարակը։
Կազմը որեւէ հրապարակի պէս է, միայն թէ ամէն տեսակ մարդ չ՚անցնիր այստեղէն։ Անապատներէն հասած արաբը, տիւրզին, դատարկ ֆիլմերով նկարիչները, անգործ բեռնակիրները, մանրավաճառները, նոր հասած հիփփիները հոս են։ Մուրացկանները, թուրիսթները, գիւղագնացները, լրագրավաճառները, հանրակառք սպասողները եւ մեծ լումայափոխները հոս են միշտ։ Բայց օրինակ, մեծամիտ առեւտրականները, պզտիկ գեղասէրները, սնոպ լիբանանցիները այս հրապարակին մասին վախվխելով կը խօսին։ Իսկ անուշավաճառ Վիթալիին կինը կեանքին մէջ չէ անցած այստեղէն, սիրտը վեր կ՚ելլէ եղեր։
Բայց իրաւ գեղեցիկ է, գեղեցիկ է Պուրճի հրապարակը. գունաւոր խոտերով ժամացոյց ունի, արմաւի երկար ծառեր ունի, այդ ծառերէն ցած շէնքեր ունի, հսկայակազմ սինեմայի աֆիշներ, ուր անպայման պորտապարուհի մը նկարուած է. եւ վստահ կրնաս ըլլալ որ անկէ քիչ մը անդին ատրճանակ բռնած մարդու մը նկարը կայ. իսկ վերը-վարը-աջին-ձախին աչքառու պէներով արաբական սինեմաշխարհի արթիսթներ։
Հրապարակը գեղեցիկ է նաեւ անոր համար որ ամէն ինչ բնական է այստեղ։ Գողը կը գողնայ, լումայափոխը կը լոլոզէ, սմսարը կը խաբէ, տարիքոտ դատարկապորտը նարտի կը խաշայ, աւելի ծոյլը՝ մայթին վրայ նստած նարկիլէ կը ծխէ, աւելի երիտասարդը բոլոր անցնող կիներուն ձեռք կը նետէ, թուք ունեցողը կը թքնէ, լրագրավաճառը ճշմարտանման սուտեր կը շինէ։ Օրինակ՝ եթէ պոռայ որ Համրայի մէկ թաքստոցէն տասը բոզեր ձերբակալուած են, եւ կամ՝ վարչապետը պիտի հրաժարի որովհետեւ այսինչ պլոքը սուր տարակարծութիւն ունի իր հետ, այդ ժամուն թերթը հարիւրաւոր օրինակներով աւելի կը ծախուի։
Անկարգ վարիչներուն տուգանք ստանալու հազուագիւտ տեղերէն մէկը այստեղ է, ամենազիջող գիներով պասթաները հոս են, անկարողները այստեղի կիսամերկ կիներու նկարներուն առջեւ կը կայնին վարդագոյն ղազզըլ-պէնէթներու պէս։ Ձուկի, բանջարեղէնի, ապակեղէնի միջակորակ հագուստներու, լուսանկարիչներու եւ ոսկերիչներու շուկաները այս քառանկիւն հրապարակէն ծայր կ՚առնեն։ Այստեղ են նաեւ եկեղեցին, մզկիթը, եւ պանդոկները, ուր խռնուած մարդոց քառապատիկ քանակով միջատներ կը վխտան։
Հրապարակին բոլոր անկիւններուն վրայ ահագին միս մը կ՚եփի, որ կրակին դիմաց, ձողին վրայ ոլոր-ոլոր կը կտրուի եւ կ՚ուտուի. կը կոչուի շաուրմա, որ ունի այնքան համբաւ որքան ֆէլէֆիլը։ Լիբանանի պաշտօնական հանրատունը հոս է։ Լիբանանի անկախութեան արձանն ալ հոս է, եւ ո՞վ կ՚ըսէ թէ ազատութիւնը միայն արձաններով կ՚ըլլայ։
Քու դուռդ մոռցուած դուռ չէ, թէպէտ անցեր են տարիներ։
Պուրճի հրապարակը վերջերս տեսա՞ր։
Գեղեցիկ հրապարակ մը կար կանաչ աչքերով. դրամի եւ սեռի համար ապրող հրապարակ մը, որուն մէջտեղ ուրկէ՜ ուր՝ անկախութեան արձան մը կանգնած էր։ Ուտի գլուխով բաներ մը շարժեցան այդ հրապարակին չորս կողմը, հեռացան ու խնդացին, յետոյ մօտեցան կրքոտ շարժումներով։ Բոլորն ալ ջանացին անկէ անցնիլ – մէկ մասը գրաւել կամ ուրիշ կողմ մը, եւ ասֆալթը ամէն փլուզում իր ուսերուն վրայ կրեց։ Հիմա պէտք է մէկը այդ հրապարակին վրայ ինքզինք կախէ. բայց ես չեմ, այդ միւսն է, քանի որ ինք կ՚ուզէ՜ արդէն, քանի որ հրապարակը դեռ խնամել կրնա՛յ։ Կանաչ հրապարակը կքած ծերունիի նման գոնէ այդքանը կրնայ ընել, իր մեռած սերունդը գրկել։
Պուրճի հրապարակը տեսա՞ր։
Աշխարհի ուրիշ հրապարակներու վրայ թռչուններ կը թեւածեն, քարէ կենդանիներու դունչերէն ջուրեր կը ցայտեն, շատրուաններ կան, լոյսեր կան, յիշատակի կոթողներ կան։ Մեր այս փոքրիկ հրապարակին վրայ բոլոր քաղաքներու բոլոր հրապարակներուն համախմբումը կար։ Կը յիշե՞ս, դուն ալ հոն էիր, ես ալ հոն էի։ Հրապարակ մը ուր մեր կեանքի հրախաղը ողջ-ողջ մարած է։ Մեր Անկախութեան արձանն ալ հոն էր. ինչպէ՞ս թէ չես յիշեր, բե՛ր շուքդ նայուածքիս մէջ դիր, լա՛ւ նայէ … հոն էր, հոն էր…
Հո՛ն էր ազատութիւնը որ արձաններով կ՚ըլլար։
«Տեսա՞ր Պուրճի հրապարակը։ Վերջերս»։
Ինչո՞ւ ձգտումը ունիս զիս խեղդելու։ Քու քարայրիդ դրան առջեւն եմ ես, եւ դուն դուրս չելար անկէ։ Աչքերուդ մէջ, կանաչ, մելամաղձոտ աչքերուդ մէջ տեսակ մը եռանդ կայ, անյայտ ճանապարհէ մը անցած ըլլալու, գաղտնի բան մը ըրած ըլլալու իրողութիւնը կայ։ Ասանկ հարցում կը հարցուի՞։
Պէտք է ըսել թէ այս գիշեր ես քու մասիդ մտածեցի երկարօրէն։
Սենեակիս պատերէն հասայ բազմակտուր լռութեան, որ մեր մթնած հրապարակն է։ Ան դիւցազնավէպի մէջ նշուող քարայրի հոգին ունի եւ խօսիլ գիտէ։ Յեղակարծօրէն փլած ծերունիի հայեացքը ունի, համակերպած՝ ներկային հետ, ցաւահար՝ ներկային մէջ։ Ու ես առանց կանգ առնելու հաւաքեցի այդտեղէն մոխրագոյն ձիւթեր, շոքոլայի թուղթեր, փողկապներ, գարեջուրի կոտրած գաւաթներ, կոճակներ, գաղտագողի առնուած նկարներ, շրթնաներկեր, գործածուած կամ չգործածուած՝ յղութեան կանխարգելիչներ, կաթնաշիշեր, սպառնալիքներ, ապտակներ, ճիչեր, քանի մը պնակ Մութանապպի, շիշի մը բրինձի հատիկներուն տակ պահուած Շէյքսփիր։
Հաւաքեցի որպէսզի վերադարձնեմ քեզի, քու քաշկռտուող եւ յուլացող առօրեադ պէտք ունի այս հաւաքածոյին։ Չես կրնար քնանալ չէ՞։ Մի՛ վախնար, վերջին փամփուշտը արձակուած է։ Արաբական աշխարհի ղեկավարները անվերջանալի ժողովներու ձեռնարկած են։
Վարը ծովը կը պոռայ, կը պոռայ իր սնանկութիւնը եւ չի հաշտուիր որ ձկնորսներ չկան։ Այս էգ ծովը կոյր է աշուղի պէս, եւ զգայուն՝ բանաստեղծի պէս։ Ամենուն երգը կ՚երգէ մինա՛կը. Եւ չի հաշտուիր որ գիշերային լոյսեր չեն հոսիր միջերկրականեան իր զգեստը պսպղացնելու։ Կը հեծկլտար ծովը այս իրիկուն երբոր անցայ քովէն, ողբերգութեան բեմահարթակին մօտենալու։
Մոխրագոյն ձուկերու շուկա՜ն։ Մեր մանկութեան առաջին խոշոր ձուկերը այստեղ տեսած ենք։ Աստիճաններէն վար՝ ձայնաւոր թիթեղներու մէջ, աղի ջուրի մէջ կոխուած պանիրներ. լաթէ տոպրակներով կախուած թանձր մածունը՝ լէպնին։ Եւ անոնց առջեւ շխկշխկացող արեւելեան սուրճի մանրակազմ գաւաթներ։ Խմբապարի հանգչող անդամներու պէս տարտղնուած փլասթիքէ պտղամաններ, հացամաններ, լիմոնի քամիչներ, անհամեմատօրէն աժան ափսէներ, որոնց դիմաց ցուցադրութեան դրուած են ճաբոնական պուպրիկներ եւ աշխարհի ամենէն անճաշակ ծաղկամանները։
Աղմկարար պատկեր մը որ չ՚ամբողջանար եթէ տեղ-տեղ չդրուին գունագեղ փլասթիքէ ծաղիկներ. քանի մը քայլ անդին՝ հաւերու եւ աքլորներու վանդակորմեր, որոնցմէ իւրաքանչիւր վայրկեան հարիւր փետուր դուրս կը ցատկէ։
Այս բոլորն ալ անշուշտ թերի կը մնան եթէ չկոխես դեղնաւուն, հռովմէական ժամանակներէ մնացած անհաւասար քարերով գետնին վրայ, ուր ծովային կենդանիներու, պանիրի, ձիթապտուղի եւ մէզի խառնուրդ լպրծուն հեղուկ մը կը յամենայ։
Հովանոցներով պաշտպանուած նրբանցքներուն երկու թեւերուն վրայ՝ կրպակներ, ուր արեւելեան նախապաշարումի յատուկ կապոյտ աչքեր, ուլունքներ ու պայտեր կր ծախուին։ Հինաներուն ամենէն թարմը՝ սեւ կամ կարմիր, խունկ՝ բարակ եւ հաստ, մոմ՝ բոլոր պարագաներու համար, խոզանակ, աւել եւ սիսեռ։ Քրտական հարսանիք մը ամբողջացնող բոլոր զարդեղէնները մէկտեղուած են տախտակէ քառակուսի տուփերու մէջ, կամ կախուած, բարակ ձողիկներու վրայ, իսկ կլոր հայելին յղփացած, շփացուող մանուկի պէս ձեռքէ ձեռք կ՚անցնի։
Նուշը, պաստեղը եւ կաղինը անուշ-անուշ կը ժպտին, կրնաս համտեսել եւ անցնիլ։ Յետոյ կը ցուցադրուին շաքարները, ծախողներու բարձր ձայներուն պէս իրենց փաթթոցներէն դուրս ինկած ծակած տոպրակներով շաքարները – որուն պոնպոն կ՚ըսեն քաղաքի բնակիչները – նիւկիին վրայ հինգ ղրուշ աւելի, տասը ղրուշ պակաս։
Այստեղէն կը բաժնուի ոսկերիչներու շուկան։ Ցուցափեղկերը՝ նորահարսներ լուսազարդ ու անմատչելի։ Ոսկերիչներու շուկայէն ներս, իրենց աշխատանոցները մտա՞ծ ես։ Լուրջ մնալու համար մասնաւոր արտօնութեան պէտք ունիս։ Հոն է որ բազմաթիւ անձեր կը դառնան հեղինակութիւն, մահկանացուներ՝ անմահ, ստորադասութեան բարդոյթէ տառապող երգիչներ՝ աշխարհահռչակ։ Երեսփոխաններու եւ ղեկավարներու ճառերը բզիկ-բզիկ կ՚ըլլան։ Եռանդագին կը բամբասուի կիներու մասին, իսկ պերճաղիճներու հոմանիշներուն ամենէն երկար ցանկը հոն կը գտնուի։ Հոն է նաեւ, որ հայ ոսկերիչներու վարպետ ձեռքերուն մէջ ոսկին կը վերածուի մանրապատկեր գեղեցկութեան, եւ արժեքաւոր քարերը՝ անստգիւտ ճաշակի։
(Շար. 1 )
*****