Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի պաշտօնեաները երէկ առաւօտեան կամուրջի մը տակ գտնուող աղբանոցին մէջ յայտնաբերեցին լքուած նորածին մանուկ մը:
Դէպքին վայրը փութաց Լիբանանեան կարմիր խաչը եւ նորածինը փոխադրեց հիւանդանոց:
Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ նորածինը առողջական կայուն վիճակի մէջ է եւ Լեռնալիբանանի դատախազութեան պաշտպանութեան ներքեւ կը գտնուի: