Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Մեկնելով Պուրճ Համուտը բարեզարդելու, բարեկարգելու եւ բնակիչներուն հանգիստը ապահովելու իր առաքելութենէն` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը սկսած է նոր արշաւի մը, որուն նպատակն է շրջանին փողոցները կարգաւորել, բարեզարդել, կենսոլորտի ապականումը նուազեցնել, երթեւեկի խճողումը թեթեւցնել, ինչպէս նաեւ` քաղաքացիներուն համար օրինական կառատուներ ապահովել:
Մարաշ փողոցը վերակառուցելու, Պուրճ Համուտի կամուրջին սիւները ներկելու, անոր տակ ինքնաշարժներու օրինական կառատուն ապահովելու, ինչպէս նաեւ այլ աշխատանքներու մասին «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին հետ:
Մարաշ Փողոցի Վերանորոգում
Մ. Պօղոսեան յայտնեց, որ Մարաշ փողոցին մէջ ստեղծուած կացութեան համար ժողովուրդին բողոքը արդարացի է:
Ան նշեց, որ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին կողմէ Մարաշ փողոցը վերանորոգելու եւ սալապատելու աշխատանքը եղած է այն նպատակով, որ ան վերապահուի հետիոտն փոխադրութեան համար: «Սակայն շրջանին մէջ գտնուող վաճառատուներուն խնդրանքով այդ փողոցը մուտք գործեցին անոնց ինքնաշարժներն ու փոխադրակառքերը, եւ այդ պատճառով ալ Մարաշ փողոցին մէջ ստեղծուած է քարուքանդ ճամբու իրավիճակ մը», յայտնեց ան:
Մ. Պօղոսեան ընդգծեց, որ 2016-2017 դեկտեմբեր-յունուար ամիսներուն նոր շինուած Մարաշ փողոցը մնաց փակ` բոլոր ինքնաշարժներուն եւ փոխադրակառքերուն դիմաց, եւ օրին շատ լաւ էր փողոցին վիճակը: «Բայց եւ այնպէս, վաճառատուներուն փափաքին ընդառաջելէ ետք, ի յայտ եկաւ, որ այդ փողոցին յատակը այնպէս մը չէ սարքուած, որ ինքնաշարժներ, փոխադրակառքեր ու ջուրի սիթեռնի յատուկ փոխադրակառքեր անցնին, հետեւաբար ան աստիճանաբար քանդուեցաւ: Ի տես այս իրավիճակին եւ քաղաքապետարանի ստացած բողոքներուն` որոշում տրուեցաւ կազմաքանդել Մարաշ փողոցի սալայատակները եւ փողոցը կուպրապատել», շեշտեց քաղաքապետը` հաստատելով, որ այդ աշխատանքը առաւելագոյնը երեք շաբաթէն պէտք է կատարուի:
«Մեր քաղաքացիները պէտք է իմանան, որ օրին ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրը հոգաց այս թաղին նորոգութեան ծախսերը, եւ նկատի ունենալով այդ իրականութիւնը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը անմիջապէս չէր կրնար փոխել ծրագիրը եւ որոշում տալ: Սակայն յարգելով կարգն ու կանոնը եւ տեղեակ պահելով ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրին պատասխանատուները` քաղաքապետարանը եկաւ այն եզրակացութեան, որ յատակը պէտք է կազմաքանդուի եւ քաղաքապետարանը դիմէ այդ փողոցը կուպրապատելու աշխատանքին», ըսաւ ան:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետը յայտնեց նաեւ, որ քաղաքապետարանը ՄԱԿ-ի Բնակավայրի յատուկ մարմինին հետ գործակցութեան շրջագիծին մէջ կ՛աշխատի իրականացնել այլ ծրագիր մը, որուն հիման վրայ Արաքսէն Մարաշ տանող հինգ փողոցներուն մէջ պիտի կատարուին ենթակառոյցի նորոգութիւն, ինչպէս նաեւ` բնակութեան շէնքերու մասնակի նորոգութիւն:
«Այդ փողոցներուն մայթերը պիտի շինուին, լուսաւորում պիտի ապահովուի, շէնքերու արտաքին բարեզարդում պիտի կատարուի, կանաչապատում պիտի ըլլայ, ենթակառոյցի նորոգութիւն, այսինքն` մայթերու, լուսաւորումի, կոյուղիներու, անձրեւի ջուրի յատուկ ցանցերու, համացանցի եւ ելեկտրածին շարժակներէ ստացուած ելեկտրականութեան թելերու դասաւորում պիտի ըլլայ: Այս բոլոր աշխատանքներուն նախապատրաստութիւնը արդէն իր վերջնական փուլին մէջ կը գտնուի եւ ծրագիրին գործադրութիւնը մօտիկ ապագային կը սկսի», յայտնեց ան:
Պուրճ Համուտի Կամուրջի Սիւները Ներկելու Եւ Կառատուներ Տրամադրելու Աշխատանք
Մ. Պօղոսեան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի կամուրջին տակ սկսած է նոր աշխատանք մը, որուն նպատակն է կարգաւորել ինքնաշարժները կանգնեցնելու հարցը, ինչպէս նաեւ` մեղմացնել կամուրջին տակ ստեղծուած երթեւեկի խճողումն ու այդ պատճառով ստեղծուած կենսոլորտի ապականումն ու աղմուկը:
«Մինչեւ օրս կամուրջին տակ գտնուող մայթերուն կողքին կանգնեցուած ինքնաշարժները ապօրինի կերպով շարուած են եւ անոնք շուրջ 100 ինքնաշարժ կը հաշուեն: Սակայն ներկայիս կամուրջին տակ գտնուող մայթին ձեւը բարեփոխելով ստեղծուած կառատան դրութեամբ, շրջանին բնակիչներուն համար ստեղծուած է օրինական կառատուն մը, որ սերտուած կերպով կը շինուի եւ այդ ծրագիրին շինութեան աւարտին 200 ինքնաշարժի համար օրինաւոր կառատուն ապահովուած պիտի ըլլայ:
Այս իրականութեան կողքին, կամուրջին տակ երթեւեկի խճողումը պիտի թեթեւնայ, իսկ այն քաղաքացիները, որոնք իրենց ինքնաշարժը շաբաթներով ու ամիսներով կամուրջին տակ կը կանգնեցնեն, վերջ պիտի տան այդ սովորութեան: Քաղաքացիներուն կողմէ ինքնաշարժները երկար տեւողութեամբ կամուրջին տակ պահելը պատճառ պիտի դառնայ, որ առաջին հերթին ենթական տուգանքի ենթարկուի, իսկ երկրորդ հերթին անոր ինքնաշարժը գրաւուի:
Կամուրջին տակ պիտի զետեղուին փարքմիթըրներ, որոնց նպատակը քաղաքապետութեան եկամուտ ապահովել չէ, այլ` կառատուները բոլոր քաղաքացիներուն տրամադրելի դարձնել:
Կը հաստատեմ, որ փարքմիթըր զետեղելուն նպատակը նիւթական չէ, ընդհակառակն, անիկա օրական դրութեամբ միայն 6 ժամ պիտի գործէ` առաւօտեան ժամը 9:30-էն կէսօրէ ետք ժամը 3:30, որպէսզի կարելի ըլլայ բոլորին առիթ տալ` օգտուելու այդ կառատուներէն: Իսկ ժամերու այս դրութիւնը առիթ կու տայ շրջանի բնակչութեան, որ իրենց ինքնաշարժները 18 ժամուան համար անվճար կերպով կանգնեցնեն կամուրջին տակ», բացատրեց Մ. Պօղոսեան:
Ան նշեց, որ կամուրջին տակ ապօրինի կերպով ինքնաշարժ կանգնեցնող քաղաքացին տուգանքի պիտի ենթարկուի քաղաքապետարանին կողմէ:
Մ. Պօղոսեան ընդգծեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կամուրջը ստանձնած է 2004-ի աւարտին, այսինքն` 15 տարի առաջ: «Քաղաքապետական խորհուրդը այս փուլին ճիշդ գտաւ, որ կամուրջին գործածութեան ձեւը փոխուի` նկատի ունենալով շրջանի բնակչութեան թիւի աճը, երթեւեկի խճողումը, կեսոլորտի ապականումը եւ այլ բացասական երեւոյթներու դրսեւորումը: Անշուշտ կառատուն շինելու այս ծրագիրը մեծածախս չէ, որովհետեւ ասֆալթը արդէն իսկ քաղաքապետութեան տրամադրութեան տակ կը գտնուի, իսկ մնացեալ ծախսը պարզապէս ձեռավարձի ծախս մըն է, որ քաղաքապետարանի ընթացիկ աշխատանքներու շրջագիծին մէջ կը կատարուի», ըսաւ ան:
Քաղաքապետը շեշտեց, որ Պուրճ Համուտի բարգաւաճման եւ բարեզարդման շրջագիծին մէջ կը ներառուի նաեւ կամուրջին սիւները ներկելու պարագան: «Շրջանը տխրութեան մթնոլորտի մէջ խրող կամուրջի անգոյն սիւներուն գոյութիւնը պուրճհամուտցիին համար խորթ էր, եւ այդ սիւներուն գունաւորումը ամբողջութեամբ նուէր է «Պի. Էմ. Էյ.» ընկերութեան կողմէ, որուն մէջ քաղաքապետարանին ծախսը միայն աշխատաւորներուն ձեռավարձն է: Այս ծրագիրը անշուշտ պիտի ունենայ իր երկրորդ փուլը, որուն շրջագիծին մէջ պիտի ներկուի նաեւ կամուրջին յատակը, այլ խօսքով` այն առաստաղը, որուն տակ կը գտնուին սիւները:
Հովանաւորը պիտի ըլլայ նոյն նուիրատուն, որ այդ առաստաղը ներկելու կողքին, սկզբունքով պիտի հոգայ նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերն ու Պօղոս Արիսի ճակատները ներկելու ծրագիրը: Շրջանին ընդհանուր պատկերացումը մօտաւոր կերպով այսպէս կարելի է նկարագրել:
Անշուշտ քաղաքապետարանը փնտռտուքի մէջ է նաեւ որոշ բարերարներու, որոնք կրնան ներկարարներուն ձեռավարձը ապահովել», նշեց ան:
Մ. Պօղոսեան յայտնեց նաեւ, որ քաղաքապետութիւնը պիտի փորձէ կամուրջին տակ լուսաւորումը ապահովել` դիտել տալով, որ կամուրջին տակ եզակի մթնոլորտ պիտի տիրէ եւ անիկա առիթ պիտի ըլլայ շրջանին տնտեսական ու զբօսաշրջական բարգաւաճման:
«Մեր կատարած այս ծրագիրներուն եւ բարեզարդման քայլերուն զուգահեռ, կը մաղթենք, որ այդ շրջանի բնակիչները յաւելեալ բծախնդրութիւն ցուցաբերեն իրենց թաղերը մաքուր պահելու իրենց յանձնառութեան», յայտնեց քաղաքապետը:
Կամուրջին մասին որոշ բողոքներու անդրադառնալով` Մ. Պօղոսեան նշեց անձրեւոտ օրերուն կամուրջին կարգ մը տեղերէն առատ ջուր թափելու հիմնական բողոքին մասին` զայն նկատելով արդար բողոք:
Ան հաստատեց, որ կամուրջին վրայ կատարուելիք աշխատանքները քաղաքապետութեան իրաւասութեան մէջ չեն իյնար, այլ` Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդին, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան իրաւասութիւնները կը նկատուին:
«Բայց եւ այնպէս, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը այս իմաստով ձեռնածալ չի մնար եւ իր կարգին դիմած է վերոնշեալ խորհուրդին եւ նախարարութեան, որպէսզի այդ հարցին լուծում մը գտնեն: Աւելի՛ն. քաղաքապետութիւնը ճիգ չի խնայեր նաեւ կամուրջին եւ քաղաքապետարանի շէնքերուն միջեւ պատնէշներ զետեղելու աշխատանքը շարունակելու իմաստով», շեշտեց Մ. Պօղոսեան:
Պուրճ Համուտի Թափօններու Թաղման Վայրը Կը Մնայ Փակ, Իսկ Կոյաջուրերու Զտարանին Կառուցումը Քանի Մը Ամիսէն Կրնայ Սկսիլ
Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մ. Պօղոսեան յայտնեց, որ այդ վայրը 2018-ի փետրուարէն ի վեր փակուած է եւ կը մնայ փակ: «Իսկ 2018-ի ապրիլէն ետք աղբակոյտը վերացուեցաւ», նշեց ան:
Քաղաքապետը շեշտեց, որ շրջանին մէջ մերթ ընդ մերթ տիրող գարշահոտերուն պատճառը աղբը չէ, որովհետեւ թափօններու թաղման վայրը երկու տարիէ ի վեր փակ է:
«Այդ գարշահոտերուն պատճառը «Անգլիական քանալ» կոչուած ջրանցքն է, ուր կոյաջուրեր կը թափին: Այդ հարցին լուծումը անշուշտ պիտի ապահովուի կոյաջուրերու զտարանին կառուցումով», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Պուրճ Համուտ-Տորա շրջանին մէջ կոյաջուրերու զտարանին կառուցման` Մ. Պօղոսեան յայտնեց, որ այդ զտարանի կառուցման աշխատանքին սկիզբը նախատեսուած էր 2019-ի նոյեմբերին, սակայն բոլորին ծանօթ ժողովրդային շարժումի բռնկումին պատճառով այդ աշխատանքը յետաձգուեցաւ:
«Սակայն Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդին կողմէ խոստում ստացած ենք, որ այդ աշխատանքը յաջորդ երեք ամիսներուն ընթացքին պիտի սկսի: Կոյաջուրերու զտարանին վայրը արդէն իսկ ճշդուած է, եւ այդ զտարանի կառուցման աշխատանքը նախատեսուած է մէկուկէս տարիէն աւարտել, եթէ այդ աշխատանքները եւ պայմանները բնականոն կերպով ընթանան», աւելցուց քաղաքապետը:
Մ. Պօղոսեան հարցազրոյցը եզրափակեց` հաստատելով, որ քաղաքապետութեան համար Պուրճ Համուտի բարեզարդումն ու բարեկարգումը առաջնահերթութիւն է, հետեւաբար քաղաքապետութեան ակնկալութիւնն է, որ այս ճնշող պայմաններուն տակ քաղաքացիները
փոխադարձ յարգանքի եւ գործակցութեան ոգիով մօտենան քաղաքապետութեան` պահելով առողջ յարաբերութիւնը: