ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարութեամբ մը անդրադարձաւ աղբի տագնապին եւ անոր դիմաց Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի փակ մնալուն:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անցեալ երեքշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին վարչապետը օրակարգէ դուրս կառավարութեան ներկայացուցած է փողոցներուն մէջ աղբերու կուտակման եւ թափօններու թաղման վայրերու խնդիրը:
«Բոլորս կը վկայենք, որ աղբերը դարձեալ կուտակուած են, սակայն անոնք միայն թափօններու թաղման վայրերու փակուած ըլլալուն պատճառով չէ որ կուտակուած են, այլ նաեւ` այն պատճառով, որ պետութիւնը աղբ հաւաքող եւ փոխադրող ընկերութիւններու գումարները չէ վճարած: Հետեւաբար այդ ընկերութիւնները ապրիլ 30-էն ի վեր աշխատանքը կասեցուցած են», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը 2018-ի փետրուար-մարտ ամիսներէն ի վեր փակ է արդէն: Ան հաստատեց, որ փափաքողը կրնայ երթալ եւ տեսնել այդ իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ կրնայ վկայել հոն կատարուող ծառատնկումի աշխատանքին, ներքին բաժանումներու աշխատանքին: «Կարգ մը շրջաններու մէջ ներքին բաժանումներ կը կատարուին, եւ մենք հաստատ քայլերով կ’ուղղուինք հոն, ուր խոստացած էինք 2016-ին: Հետեւաբար մեզի համար Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի հարցը փակուած է` անդարձ կերպով:
Նախքան կառավարութեան նիստը ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, թէ՛ իբրեւ երեսփոխանական պլոք, թէ՛ իբրեւ քաղաքապետութիւն եւ թէ՛ իբրեւ նախարար Վադինէ Օհանեան-Գէորգեան, մեր ճիգերը անդուլ կերպով շարունակեցինք, որովհետեւ Լիբանանի մէջ փախստական եւ ապօրինի գործերը միշտ ալ առկայ են եւ նման որոշումներ մնայուն կերպով կը մաքսանենգուին: Ամէնէն բարձր մակարդակէն` հանրապետութեան նախագահէն մինչեւ վարչապետ, մինչեւ կենսոլորտի նախարար յստակօրէն իրազեկուած են, թէ մենք մեր բաժինը կատարած ենք: 2016-ին` մեկնելով համալիբանանեան մտահոգութիւններէ եւ համալիբանանեան մակարդակի վրայ հարցերը լուծելու լրջութենէն ու մեր պատասխանատուութենէն, մենք մաս կազմեցինք աղբի տագնապի լուծման: Չորս տարուան վրայ երկարող այդ յանձնառութիւնը աւարտած է, եւ այսօր Պուրճ Համուտի օրակարգը այլեւս գոյութիւն չունի: Եւ եթէ կը լսէք եւ կը կարդաք, երբ կը խօսուի թափօններու թաղման վայրի մասին, այլեւս Պուրճ Համուտի անունը գոյութիւն չունի եւ կը խօսուի Ժտէյտէի մասին: Պէտք է ըսել, որ Ժտէյտէի պարագան մեզի համար նոյնքան մտահոգիչ է, որովհետեւ վերջին հաշուով խնդիրը զուտ հայկական խնդիր չէ», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ վերջին հանդիպումին` 1 մայիսի հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ վարչապետարանին մէջ` ներկայութեամբ Մեթնի երեսփոխաններուն, Պուրճ Համուտի ու Ժտէյտէի քաղաքապետներուն, կենսոլորտի նախարարին եւ Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդի նախագահին:
Ան նշեց, որ այդ հանդիպումին ընթացքին, երբ հարցը ընդհանուր կերպով արծարծուած է, հոն շատ յստակ կերպով եւ վճռականութեամբ բացատրուած է, որ վերջ. «այս օրակարգը գոյութիւն չունի մեզի համար, եւ ըսուած է, թէ այնպէս, ինչպէս այլ շրջաններու կեցուածքները նկատի կ’ունենաք, պարտաւոր էք նաեւ մեր կեցուածքները նկատի ունենալ: Ոչ մէկ քաղաքական ուժ աւելի կարեւոր է այս հարցին մէջ` քան այլ քաղաքական ուժ: Հոն յստակ դարձաւ մեզի, որ անոնք համոզուած են, թէ այսուհետեւ Պուրճ Համուտի օրակարգ գոյութիւն չունի», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ անցեալ երեքշաբթի օր, երբ կառավարութեան նիստին ընթացքին աղբի տագնապի խնդիրը օրակարգէ դուրս առաջարկուած է, քննարկումները ընթացած են միայն Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրին ուղղութեամբ, եւ որոշուած է այդ վայրը մէկուկէս մեթրով բարձրացնել: «Այսինքն` Պուրճ Համուտի հետ կապուած որեւէ հարց գոյութիւն չունի: Կը վերահաստատեմ, որ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին օրակարգը անվերադարձ կերպով փակուած է, եւ հիմա մենք կը նայինք դէպի առաջ եւ կ’աշխատինք այդ վայրը` ծովեզերեայ շրջանը շնչելի վայր դարձնելու ուղղութեամբ, անկախ անկէ նաեւ, որ մեր խոստումները կ’իրականանան», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրը մէկուկէս մեթրով բարձրացնելու կառավարութեան որոշումին ընթացքին, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան միակը եղած է, որ կտրուկ կերպով մերժած է որոշումը` հաստատելով, որ մենք դէմ ենք Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրը մէկուկէս մեթրով բարձրացնելու որոշումին:
«Մենք մեր կեցուածքներուն մէջ յստակ ենք, ես կ’ուզեմ հանգստացնել մեր շրջանի բոլոր զաւակները, բոլոր քաղաքացիները` ըլլան անոնք հայ կամ ոչ հայ, որ այս օրակարգը այլեւս գոյութիւն չունի: Դժբախտաբար կառավարութեան նիստին նախարար Օհանեան-Գէորգեան առանձինն բողոքած է Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրին վերաբերող որոշումին դէմ, հակառակ անոր որ վարչապետին հետ հանդիպումին ընթացքին Մեթնի երեսփոխանները բոլորը նման որոշումի մը հաւանականութիւնը մերժելով հանդերձ, կառավարութեան նիստին ընթացքին համապատասխան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները մնացած են լուռ», յայտնեց Յ. Բագրատունի:
Ան ընդգծեց, որ այս հարցը փակուած է եւ անգամ մը եւս օրակարգի վրայ պիտի չդրուի` աւելցնելով, որ 30 ապրիլին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը փակած է բոլոր այն ճամբաները, որոնք կրնան օգտագործուիլ փախստական կերպով աղբերու բեռնակառքերը փոխադրելու: «Բնական է, որ ճնշումներ կան բեռնակառքերու անցքը արտօնելու փորձեր կատարելու, սակայն քաղաքապետարանի ոստիկանները աչալուրջ են, որ նուազագոյն սխալն իսկ չպատահի»: