Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի մէջ աղբահաւաքման եւ մաքրութեան աշխատանքները վերսկսած են

June 6, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Պուրճ Համուտի մէջ աղբահաւաքման եւ մաքրութեան աշխատանքները վերսկսած են

Շաբաթ, 4 յունիսին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան շրջանի բնակչութեան, ուղղեց հետեւեալ կոչը, ուր կը նշուի, թէ քաղաքապետութիւնը անհրաժեշտ միջոցներուն դիմած է Պուրճ Համուտի մէջ աղբահաւաքման առկախ մնացած հարցը լուծելու: Առ այդ, կը թելադրուի բնակիչներուն այս հարցով համագործակցելու Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ:

Պուրճ Համուտի յարգելի՛ ժողովուրդ եւ բնակիչներ,

Ինչպէս նկատեցիք, Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդին միջոցով լիբանանեան կառավարութեան հետ պայմանագրուած «Ռամքօ» ընկերութիւնը վերսկսած է շրջանի փողոցներէն ու հանրային վայրերէն աղբահաւաքման եւ աւլելու աշխատանքներուն:

Քաղաքապետութիւնը կրցաւ նաեւ համագործակցիլ իտալական «Չեսվի» ընկերութեան հետ, որ ժամանակաւորապէս քաղաքապետութեան տրամադրութեան տակ պիտի դնէ քանի մը աշխատաւորներ` ապահովելու համար շրջանի ընդհանուր մաքրութեան եւ ենթակառոյցի նորոգութեան թէ սպասարկման տարրական աշխատանքները:

Այսօր, այս կոչով կը դիմենք ձեզի` խնդրելով քաղաքապետութեան հետ ձեր գործակցութիւնն ու աջակցութիւնը, պահպանելու համար մեր քաղաքի, ձե՛ր քաղաքի մաքրութիւնը` մեր, ձե՛ր փողոցներով, պարտէզներով եւ բացօթեայ վայրերով:

Մէկ կողմէ, մաքրութեան պահպանումը համազօր է մաքրութեան աշխատանքին, հետեւաբար` կոչ կ՛ուղղենք պահպանելու ընդհանուր մաքրութիւնը եւ յարգելու աղբահաւաքման փոխադրակառքերու ժամանման ժամերը եւ ձեր աղբերու պարկերը ամուր գոցուած վիճակով զետեղելու ճշդուած տեղերը, որպէսզի չերկարի անոնց մնալը փողոցներուն մէջ, եւ անոնք չտարածուին:

Միւս կողմէ, վստահաբար ձեր աչքերէն չէ վրիպած աղբահաւաքման փոքր փոխադրակառքերու թէ այլ ինքնաշարժներու շրջան մուտքն ու իրենց աղբակոյտերու թափօնը անկանոն ձեւով շրջանին մէջ թափելու երեւոյթը` իր պատճառած կենսոլորտային թէ առողջապահական վնասներով: Տիրող նիւթական տագնապներու եւ քաղաքապետութեան ունեցած սահմանափակ մարդուժին պատճառով, կը դիմենք ձեզի` գործակցելու եւ աջակցելու քաղաքապետութեան, «Իւրաքանչիւր քաղաքացի պահակ է» սկզբունքով, յաղթահարելու այս երեւոյթը` նկարելով այդ փոխադրակառքերը, երբ անոնց շրջան մուտք գործելը նկատէք, եւ տեղեակ պահելով քաղաքապետութեան ոստիկանութիւնը` հեռաձայնելով 01/260155 հեռախօսի թիւին եւ յանձնելով այդ նկարները, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք հետապնդել օրինական միջոցներով:

Նոյնն է պարագան ինչ կը վերաբերի աղբակոյտերու մէջ փնտռտուքի եւ պարկերու պարունակած աղբերու տարածման` փողոցներուն եւ մայթերուն վրայ, ինչ որ բացարձակապէս անընդունելի եւ ապօրինի քայլ է:

Վստահ ենք, որ գործակցութիւնն ու համերաշխութիւնը կը նպաստեն, որ ընկերութիւնները կարենան յաղթահարել մարտահրաւէրները:

Համակ յոյս ենք, որ ձեր գործակցութիւնը` ի սպաս մեր քաղաքին, ձե՛ր քաղաքին ու ժողովուրդին` պիտի յանգի այս տագնապներու լուծման եւ կացութեան բարելաւման:

Կը վերահաստատենք, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իր լրիւ անձնակազմով կը շարունակէ մնալ ի սպաս այս քաղաքի ծառայութեան ու ճիգ չի խնայեր անոր ժողովուրդի ծառայութեան համար:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

 

Previous Post

‘NATO summit no deadline for Turkey to decide on Nordic bids’

Next Post

Israel said preparing to defend new Karish gas rig from Hezbollah attack

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.