Անցեալ շաբաթավերջին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ձեռնարկած վերականգնումի ճիգերու ծրագիրը թեւակոխեց նոր փուլ մը, երբ ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարներու ծրագիրի (Եու. Էն. Հապիթաթ) գործադիր տնօրէն Մայմունէ Մոհտ Շերիֆ, Լիբանան կատարած իր պաշտօնական անդրանիկ այցելութեամբ` գլխաւոր կեդրոններու ծիրին մէջ շաբաթ, 12 յունիս 2021-ի առաւօտեան այցելեց նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն, ուր դիմաւորուեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեանի եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ: ՄԱԿ-ի պատասխանատուին կ՛ընկերանային Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Փրեմիսլաւ Նիսիոլովսքի, Իսլամական բարեսիրական միջազգային խորհուրդի ներկայացուցիչ դոկտ. Սամիր Ապու Ռումման (Քուէյթէն) Միջազգային օժանդակութեան լեհական կեդրոնի («Փոլիշ սենթըր ֆոր ինթըրնեշընըլ էյտ» PCPM) ներկայացուցիչը եւ լիբանանեան թէ շրջանային առնչակից խորհուրդներու պատասխանատուներ:
Ողջոյնի եւ բարի գալուստի մաղթանքներու ծիրին մէջ, իր արտասանած խօսքին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան անդրադարձաւ շրջանին մէջ պարզուած իրավիճակին, որ հետեւանք է տարբեր տագնապներու եւ 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին: Պօղոսեան իր խոր երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը արտայայտեց կատարուող նախաձեռնութիւններուն` մաղթելով, որ շրջանին ու անոր բնակիչներուն ցուցաբերուող զօրակցութիւնը կը շարունակուի: Ան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի 2,2 քառ. քմ տարածութեան մէջ կծկուած` զանազան պատկանելիութիւններով, ինչպէս նաեւ սուրիացի եւ իրաքցի գաղթականներու եւ օտար աշխատաւորներու 160 հազար բնակիչներ կան: Պօղոսեան յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին կից գտնուելով` Պուրճ Համուտի տարածքը մեծապէս վնասուեցաւ 4 օգոստոս 2020-ի նաւահանգիստի պայթումէն` վնասելով շրջանի մօտ 55 հազար բնակարաններուն 50 առ հարիւրը: Այս առիթով քաղաքապետ Պօղոսեան Պուրճ Համուտի բնակչութեան եւ իր անունով շնորհակալութեան եւ երախտիքի խօսք ուղղեց ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարներու միաւորին, լեհական ու ճափոնական դեսպանատուներուն եւ Քուէյթի բարեսիրական հաստատութեան` իրենց յատկացուցած նպաստներուն համար` յիշեցնելով նաեւ, որ նաւահանգիստի նշեալ աղէտի կողքին, Պուրճ Համուտ նոյնպէս կը տառապի Լիբանանի մէջ տիրող «Քորոնա» ժահրի համավարակի եւ տնտեսական ծանր ճգնաժամի հետեւանքներէն, որոնք հիմնականին մէջ թափ տուին սղաճին ու անգործութեան համեմատութեան աճին:
Այս առիթով ներկայացուեցան Պուրճ Համուտի մէջ ՄԱԿ-ի օժանդակութեան յայտագիրի ծիրին մէջ ցարդ իրագործուած ծրագիրները: Այս գծով խօսք առնելով` Մայմունէ Շերիֆ բարձր գնահատեց ու իր հիացմունքը արտայայտեց ցարդ իրագործուած աշխատանքներուն համար` մաղթելով փաստագրել եւ հրապարակել անոնց գործընթացի փուլերը` իբրեւ յաջող փորձառութիւններ:
Նոյն ծիրին մէջ, Լեհաստանի դեսպան Նիսիոլովսքի իր գոհունակութիւնը յայտնեց իր երկրին տրամադրած նպաստին համար` շրջանի բարգաւաճման ծիրին մէջ:
Իսկ դոկտ. Սամիր Ապու Ռումման յայտնեց Իսլամական բարեսիրական միջազգային խորհուրդի ծիրին մէջ Քուէյթի պատրաստակամութիւնը` կարելի միջոցներով նպաստելու նաւահանգիստի պայթումի ցաւալի հետեւանքներու դարմանումին եւ այս պայմաններուն մէջ մարդկային տառապանքի մեղմացման ճիգերուն:
Այս առիթով նաեւ ներկաները մօտէն ծանօթացան ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարներու (Եու. Էն. Հապիթաթ) միաւորի զօրակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մէջ հաստատուած` արհեստագիտական շրջանային գրասենեակի գործունէութեան: Ապա կատարուեցաւ Լեհաստանի դեսպանատան կողմէ Պուրճ Համուտի քաղաքացիական պաշտպանութեան բաժանմունքին նուիրուած ստուգիչ սարքերու քննութիւնը:
Աւարտին ներկաները շրջեցան Պուրճ Համուտի եւ յատկապէս Մարաշ փողոցին մէջ` մօտէն հետեւելով լեհական ու ճափոնական դեսպանատուներուն կողմէ ֆինանսաւորուած բարգաւաճման ծրագիրներու կիրարկման եւ ենթակառոյցի վերանորոգման աշխատանքի արդիւնքներուն, որոնք հիմնականին մէջ կ՛ընդգրկեն վերանորոգուող ուժանիւթով լուսաւորում, հինգ փողոցներու վերականգնում եւ հրդեհներու դիմակալման ծրագիր:
Նմանապէս, ներկաները շրջեցան նաեւ Նապաայի մէջ, ուր Իսլամական բարեսիրական միջազգային խորհուրդի (Քուէյթ) ֆինանսաւորումով եւ գործակցաբար նշեալ ծրագիրին, կարելի եղած էր վերականգնել շրջանին մէջ վնասներ կրած հարիւր բնակարան: