Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պու Հապիպ. «ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, մինչեւ որ Լիբանան Հոքշթայնէն իմանայ Իսրայէլի կեցուածքը»

August 24, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Saudi Arabia wants Lebanon to reduce Hezbollah’s presence – Lebanese FM

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ այցելեց Մարոնիներու լիկայի կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ լիկայի նախագահ, դեսպան Խալիլ Քարամի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ իրավիճակն ու մարտահրաւէրները, որոնց շարքին` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը, նախագահական ընտրութեան սահմանադրական գործընթացը եւ այլն:

Պու Հապիպ զգուշացուց նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին չկատարելու հաւանականութենէն` աւելցնելով, որ անիկա բազում վտանգներ կրնայ յառաջացնել Լիբանանի համար:

Պու Հապիպ հաստատեց, որ երկիրը կարելի չէ կառավարել ընթացիկ հարցերու կառավարութեամբ:

Անդրադառնալով ծովային սահմանագծումի հարցին` Պու Հապիպ ընդգծեց Լիբանանի միացեալ կեցուածքը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի թիւ 23 սահմանագիծի ու Կանայի նաւթահորի պահանջներուն կառչածութեան:

«Ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, մինչեւ որ Լիբանան ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնէն իմանայ Իսրայէլի կեցուածքը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հոքշթայնի Լիբանան կատարելիք այցելութեան թուականը տակաւին չէ ճշդուած:

Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին Պու Հապիպ յայտնեց, որ այս առումով եւս լիբանանեան միացեալ կեցուածք մը գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարին հետեւող նախարարական յանձնախումբ մը կայ:

Պու Հապիպ ակնարկեց նաեւ Պրիւքսելի մէջ իր մասնակցած ժողովին արդիւնքներուն` նկատել տալով, որ Եւրոպական Միութենէն խնդրած է օժանդակել Լիբանանին` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ծրագիրը գործադրելով:

Ան յայտնեց, որ ժողովին մասնակցող արաբական երկիրները զօրակցած են լիբանանեան կեցուածքին, հակառակ կարգ մը եւրոպական երկիրներու, որոնք մերժեցին տեղահանուածներու տունդարձը` պահանջելով անոնց համարկումը լիբանանեան հասարակութեան:

Կէսօրէ ետք Պու Հապիպ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Previous Post

Ցորենի շտեմարանին հիւսիսային հիմնասիւները փուլ եկան

Next Post

Չաւուշօղլու Հայաստանը մեղադրած է կարգաւորման հոլովոյթին մէջ «անկեղծ» չըլլալու յանցանքով

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.