Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պու Սաապ – Հոքշթայն երկար տեւած հեռաձայնային հաղորդակցութիւն

August 23, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Bou Saab holds ‘lengthy’ phone call with Hochstein

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պու Սաապի եւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի միջեւ արձանագրուած է երկար տեւած հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը:

Հաղորդակցութեան ընթացքին Հոքշթայն Պու Սաապին ներկայացուցած է իսրայէլացի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները` աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն ինք պիտի շարունակէ իսրայէլացի պատասխանատուներուն հետ իր խորհրդակցութիւնները:

Հոքշթայն Պու Սաապին յայտնեց, որ դարձեալ պիտի հաղորդակցի անոր հետ` ստուգելու համար որոշ կէտեր, որոնց հիման վրայ գրաւոր պատկերացում մը պիտի պատրաստէ Լիբանան կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին ունեցած իր խորհրդակցութիւններուն մասին:

Պու Սաապ եւ Հոքշթայն անդրադարձան նաեւ միջազգային, արաբական եւ տեղական մամուլին ու տարբեր լրատուամիջոցներուն կողմէ ծովային սահմանագծումին վերաբերող մերթ ժխտական եւ երկու օր առաջ դրական լուրերուն ու տեղեկութիւններուն: Անոնք հաստատեցին, որ այդ լուրերը ոչ մէկ յստակ տուեալի կամ պաշտօնական կեցուածքի վրայ հիմնուած են, հետեւաբար անոնք վարկածներ են եւ կարծիքներ:

Իր կարգին, Պու Սաապ ընդգծեց Լիբանանի կեցուածքը, անդրադառնալով, որ ժամանակի ազդակը ճնշող է: Այս շրջագիծին մէջ Պու Սաապ շեշտեց ընդունելի ժամկէտներու ծիրին մէջ աշխատելու կարեւորութիւնը` արդիւնաբեր դարձնելու համար բանակցութիւնները:

Պու Սաապ հաստատեց, որ պէտք չէ լաւատեսութեամբ կամ յոռետեսութեամբ չափազանցել` նկատի ունենալով, որ հաղորդակցութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են:

«Պէտք է նկատի ունենալ, որ Լիբանան կը բանակցի եւ հզօր դիրքէ կը բանակցի, ամրապնդուած` պաշտօնական միասնական կեցուածքով», յայտնեց Պու Սաապ` աւելցնելով, որ ինք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին տեղեակ պահած է` Հոքշթայնի հետ ունեցած իր հաղորդակցութեան մանրամասնութիւններուն մասին:

Previous Post

Bou Saab holds ‘lengthy’ phone call with Hochstein

Next Post

«Դիմադրութեան յաղթանակները յոյս ներշնչեցին այլ յաղթութիւններ կերտելու եւ թշնամին տապալելու կարողութիւն ձեռք բերելու» շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.