«Պտոյտ, սինեմա, թատրոն, զուարճութիւն, այցելութիւն, կերուխումի իտէալ պահ. ուրախ , զուարթ մթնոլորտ մը կը տիրէ ամէնուրեք»
Աւա՜ղ փառացս անցաւորին. հինգ տարի առաջ գրուած էայս պատմուածքը, երբ քօրոնա ժահր մահասփիւռ բռնակալը, տակաւին մուտք չէր գործած մեր աշխարհը եւ մարդիկ ազատօրէն կ’ապրէին:
ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ՍՕՆԱՏ (sonata)
ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Գիտե՞ս ինչ-ըսաւ Մելիսա,աչքերուս մէջ շեշտակի նայելով, վստահ ըլլալու համար, որ իր գոհար խօսքերը յումպէտս չէին մսխուեր – ներկայ ընկերութիւնը, մանաւանդ Արեւմուտքի մէջ, շատ անտարբեր է, ծայրայեղօրէն թոյլատու եւ լայնախոհ՝ բարոյական գետնի վրայ. ոչ մէկ երեւոյթի առջեւ չի գայթակղիր. ամէն ինչի հանդէպ ներողամիտ կեցուածք մը ունի:
Եւ կը շարունակէր վերլուծել հասարակութիւնը իր բոլոր երեսներով.թէեւ ընկերաբան չէր, բայց այդ նիւթին շուրջ խօսելու անյագ փափաք մը արթնցած էր իր մէջ: Ինծի համար տարօրինակ կը թուէր փիլիսոփայելու իր այս մարմաջը, երբ ինք նման նիւթերէ չէր ախորժեր: Ո՛չ պահը, ո՛չ վայրը, ո՛չ ալ տիրող ուրախ մթնոլորտը, նման անմարսելի նիւթ մը արծարծելու ձեռնտու էին. ընդհակառակը թեթեւ, հաճելի խօսակցութիւն մը, կատակ մը, կամ ինչու՞ չէ բամաբասանք մը աւելի լաւ ընդունելութիւն պիտի գտնէին:
Այսօր մեր դերերը շրջուած էին. ինքն էր դասախօսը եւ ես ունկնդիրը:
Երկուքս նստած էինք տասներորդ յարկին վրայ գտնուող, ապակեպատ , շքեղ ճաշարանի մը մէջ, ուր պարապ սեղան մը ապահովելու համար, տասնեակ մը մարդիկ հերթի կը սպասէին:
Վարը՝ համատարած լոյսերու մէջ ճաճանչող քաղաքը, հիանալի տեսարան մը կը պարզէր. ինքնաշարժներ կը սուրային, իսկ մարդիկ կը քալէին առանց արտորանքի. իրենց շաբաթավերջի ազատութիւնը լիովին կ’ըմբոշխնէին. զոյգերը թեւանցուկ, կամ իրարու փաթթուած,կարծես յամրօրէն կը սահէին, կամ կը պարէին փայլուն սալայատակին վրայ անփոյթ, երազներով եւ պատրանքներով գինովցած. նոյնիսկ Լա Փլաթա գետը հեռուէն չէր ուզեր անմասն մնալ այս շէնշող համայնապատկերէն :
Շաբաթ գիշերները՝ Պուէնոս Այրէս տօնական ճոխ զգեստներով կը պարուրուի, լոյսերով կը զարդարուի, երգով եւ ծիծաղով կը դիմաւորէ անցորդը:
Պտոյտ, սինեմա, թատրոն, զուարճութիւն, այցելութիւն, կերուխումի իտէալ պահ. ուրախ , զուարթ մթնոլորտ մը կը տիրէ ամէնուրեք: Այդ ժամերուն քաղաքը տարբեր դիմագիծ մը կը ստանայ. կեանքով կը յորդի:Մարդիկ մտահոգութիւնները, տխրութիւն, բարկութիւն, կամ այլ թունաւոր մտածումներ կամ երեւոյթներ, բոլորը սնտուկի մը մէջ կը բանտարկեն, եւ բանալիով կը կղպեն, որպէսզի անոնք չաւրեն, չարատաւորեն կեանքի հաճոյքին եւ վայելքի անփոխարինելի ժամերը:
*********************************************
Ես Մելիսային ուսուցչուհին եղած էի երկրորդականի մէջ, եւ ան ինծի հանդէպ միշտ սիրալիր կեցուածք մը ունեցած էր: Այն հազուագիւտ աշակերտներէն էր, որոնք անսխալ հայերէն կը խօսին եւ կը ջանան սպաներէն բառեր չխառնել: Է՜հ, գոնէ անոնք մեզ, հայերէնի ուսուցիչներս ճերմակերես կը հանեն, որպէսզի յարգելի ուսումնական խորհուրդի ջոջերը մեզ չմեղադրեն ըսելով .
-Այս տղաքը տասներկու տարի հայկական դպրոց կը յաճախեն , բայց հայերէն կանոնաւոր նախադասութիւն մը չեն կրնար կազմել. Ին՞չ է պատճառը:
Անշուշտ մենք ենք մեղաւորները, հայերէնի ուսուցիչներս. բայց յանցանքը միայն մե՞ր ուսերուն կը բառնայ արդեօք:
Մելիսան Իր պատանեկութեան տարիներուն ապրեցաւ ճակատագրական ժամեր եւ օրեր, երբ ծնողքը ամուսնալուծուեցաւ: Երբեք չկրցաւ հաշտուիլ այդ բաժանման գործած աւերին հետ եւ հոգեկան ծանր տագնապներ եւ վերիվայրումներ ունեցաւ, որոնց ես ականատես եղայ :
Այդ օրերուն սաստիկ պահանջք մը կը զգար խօսելու, պատմելու, իր մէջ կուտակուած մաղձը արտաքսելու: Ես եղայ այդ ականջը, համբերութեամբ մտիկ ըրի, ջանացի հանդարտեցնել զինք. խրատելով, բացատրելով եւ մանաւանդ քաջալերելով, որ իր ուսանելու եւ աշխատելու թափը չկորսնցնէ:
-Այլեւս զզուեցայ մէկ շաբաթավերջ հօրս տունը անցընելէ եւ միւս օրերը մօրս հետ: Այն օրը, որ կարենամ նիւթապէս անկախանալ, պիտի երթամ առանձին ապրելու-կ’ըսէր դառնութեամբ:
Իրեն աւելի ցաւ պատճառողը այն էր որ հայրը, իր նոր կնոջ հետ շատ հանգստաւէտ պայմաններու մէջ կ’ապրէր. մինչդեռ իր մայրը օրն ի բուն պէտք է աշխատեր, որպէսզի կարենար դրամը ծայրը ծայրին բաւեցնել:
Ի վերջոյ տարիները անցան եւ Մելիսան ստացաւ իր համալսարանական տիտղոսը: Յաջողած էր յաղթական դուրս գալ այս բախտորոշ մարտահրաւէրէն:
Ուսումը հազիւ աւարտած , շնորհիւ իր ստացած գերազանց նիշերուն, բազմազգային (multinacional), տեղեկատուական (informática) ընկերութեան մը կողմէ գործի կանչուած էր բարձր պաշտօնով եւ նախանձելի աշխատավարձով:
Անկէ յետոյ վերելքը շատ արագ եղած էր:
Իւրաքանչիւր յաջողութիւն զիս ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը համակէր:
Հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, միշտ առիթ կը ստեղծէր հեռաձայնով գոնէ երկու-երեք բառ ինծի հետ փոխանակելու: Նկարագրով եւս շատ համակրելի եւ դիւրահաղորդ աղջիկ մըն էր:
Եւ հիմա նստած առջեւս կը ճառախօսէր.
« Ներկայիս , զոր Ցիկմունտ Պաուման կը կոչէ «հեղուկ արդիականութիւն», ամէն բան հեղուկի նման կը հոսի, շատ արագ կը մաշի եւ կը փոխուի կամ կ’անհետանայ: Ոչինչ կայուն է, ոչ գործ, ոչ սէր, ոչ բարեկամութիւն, ոչ բարոյական արժէքներ եւ ո՛չ ալ ծննդավայր. վկայ փախստականներու անվերջանալի շարանը եւ ողբալի կացութիւնը:»
Ես, որկը սիրեմ լուրջ բովանդակութիւն ունեցող, ընկերային, բարոյախոսական, մշակութային եւ նման զրոյցներ, այդ պահուն բացարձակապէս զիս չէին շահագրգռեր ծանր հրետանիի նման ճնշող եւ ճզմող վերլուծումները. հետեւաբար միայն մէկ ականջով կը հետեւէի Մելիսայի անվերջանալի դասախօսութեան:
Երեւակայութեամբ՝ ես հիմա փողոցն էի, կը շրջագայէի քաղաքին մէջ:Կ’երթայի մինչեւ Սան Թելմօ՝ «թանկօ»ի հայրենիքը, քաղաքին ամենահետաքրքրական եւ հին թաղամասը, որ նաեւ ծանօթ է իր հնամենի եւ թանկագին իրեղէններու խանութներով, կամ կրպակներով եւ իւրայատուկ ոճի տուներով, որոնք վերածուած են ցուցասրահներու, կամ թանգարաններու:
Հոն աշխարհի բոլոր կողմերէն եկող զբօսաշրջիկներուն հետ կը նստէի լայն հրապարարակը եզերող բացօթեայ փոքրիկ սրճարաններէն մէկը, պաղ գարեջուր մը կը խմէի, կը տեսնէի հրապարակին մէջ պարող զոյգերը, կը լսէի թանկոյի յաւերժական աստղին՝ Գարլոս Կարտէլի, «Մի Պուէնոս Այրէս Քերիտօ» դասական թանկոն. ապա կ’երթայի մինչեւ «Սենթրօ»ն, սինեմաներու, ճաշարաններու, թատրոններու շրջանը, Քորրիէնթէս պողոտան, որ ի զուր տեղը չէ, որ կոչուած է «փողոցը որ երբեք չի քնանանար»: Կը մտնէի Գոլոն թատրոնը եւ կը դիտէի Չայքովսքիի «Կարապներու Լիճը»պալէն, ապա կը մտնէի սինեմա՝ Ուոտի Ալլէնի «Կէս Գիշեր Փարիզի Մէջ» ֆիլմը տեսնելու, յետոյ իմ սիրած թատերախաղս «Salsa Criolla»ն՝ կից թատրոնին մէջ:
Եւ տակաւին կը թափառէի քաղաքին մէջ, կը վերադառնայի ճաշարան. Մելիսան կը շարունակէր մենախօսել:
Կասկածի տեղի չտալու համար, ես մտիկ ընողի լուրջ արտայայտութեամբ ծպտած էի դէմքս, որպէսզի կարենայի ազատօրէն շարունակել իմ անրջական պտոյտս :
Ահա Օպէլիսքօն, քաղաքին կեդրոնը. հոն եւս եռուզեռ աղմուկ, կեանք. «ասատո»յին եւ փիձձային ախորժաբեր բուրմունքները դուրս սողոսկած էին ճաշարաններէն:
Շաբաթավերջերուն՝շատ սովորական է տեսնել մարդիկ, որ մինչեւ ուշ գիշեր անհոգ կը պտըտին, կամ սրճարանը նստած սուրճ կը խմեն. կը լուծեն երկրին կամ աշխարհի բոլոր հարցերը, կամ իրենց սիրած ֆութպոլի խումբը կը գովեն, կը քննադատեն եւ կը վիճին բուռն կիրքով, ըստ խումբի արձանագրած յաղթանակին կամ պարտութեան:Եւ յանկարծ, եթէ մէկը ժամացոյցին նայի տուն երթալու համար, թոյլ չեն տար.
– Մի՛ աճապարեր գիշերը տակաւին խանձարուրի մէջ է- կ’ըսեն:
Պատանիներ կամ երիտասարդներ գիշերուան մէկէն յետոյ կը սկսին պարելու եւ զուարճանալու յատուկ սրահներ հաւաքուիլ, առաւօտեան հինգին, վեցին տուն վերադառնալու համար:
……..Վերջին թափառումէս յետոյ, երբ յոգնած՝ նորէն մտքով վերադարձայ, Մելիսան եւս վերջակէտը դրած էր իր երկարաշունչ ճառին:
Շատ հաճելի եւ անմոռանալի գիշեր մը անցուցած էինք ամէն մէկս իւրովի. մէկը ճառաբանելով, իսկ միւսը շրջագայելով: