Մ. Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Պրետ Շերման երկրին պետական քարտուղարութեան տեղակալ Ճորճ Քենթի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Էնտրու Շեֆերի հետ խօսելով, դիտել տուած է, թէ Թուրքիա Սուրիայէն ճիհատիստական խմբաւորումներ կը տեղակայէ Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծերուն վրայ:
« Ես կոչ ըրի Մ. Նահանգներու պետական քարտուղարութեան Թուրքիոյ հասցնել այն, որ տարածաշրջանին մէջ զինեալներու տեղակայումը անընդունելի է եւ կը հանդիպի Մ. Նահանգներու պատասխանին». «Արմենփրես»ի հաղորդմամբ նշած է Շերման: