Վերջերս, Պրիթնի Սփիրզի սիրահարները ոչինչ խնայեցին իրենց կուռքը մօտէն տեսնելու համար: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը 2500 ամերիկեան տոլար վճարեց , որպէսզի կարելիութիւն ստանայ հանդիպելու երգչուհիին՝ Լաս Վեկասի մէջ կայացած համերգէն ետք:
Դժբախտաբար, երգչուհին չարդարացուց իր սիրահարներուն ակնկալութիւնները: Անոնց հետ ընդամէնը քանի մը վայրկեան զրուցելէ ետք, Սփիրզ գնաց նախապատրաստուելու իր ելոյթին՝ հաշուի չառնելով համակիրներուն գործադրած ջանքերը: Երկրպագուներու վկայութեամբ, Պրիթնի՝ երախտագիտական քանի մը խօսք արտայայտելէ ետք հեռացած է սրահէն :