Երէկ Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ ստորագրուեցան Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` դաշինքին անդամակցութեան ն պաշտօնական արձանագրութիւնները:
Փաստաթուղթին տակ իրենց ստորագրութիւնները դրին Շուէտի եւ Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարներ Անն Լինտէն եւ Փեքա Հաւիսթոն, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ 30 պետութիւններու դեսպանները:
Արձանագրութիւններուն ստորագրումէն ետք դաշինքի անդամ պետութիւններու խորհրդարաններուն մէջ ընթացք պիտի առնէ անոնց վաւերացման հոլովոյթը, որուն աւարտէն ետք միայն Հիւսիսային Եւրոպայի այս երկու պետութիւնները ՕԹԱՆ-ի լիիրաւ անդամ պիտի նկատուին, եւ անոնց դրօշները պիտի բարձրացուին դաշինքի կեդրոնատեղիին առջեւ:
«Ասիկա լաւ օր է Ֆինլանտայի եւ Շուէտի համար, ասիկա լաւ օր է ՕԹԱՆ-ի համար: Այս սեղանին շուրջ նստած 32 պետութիւններով մենք աւելի ուժեղ պիտի ըլլանք, իսկ մեր ժողովուրդները` աւելի անվտանգ: Այսօր մենք բախած ենք տասնամեակներու ընթացքին անվտանգութեան ոլորտին մէջ ծագած լրջագոյն ճգնաժամին», յայտարարեց Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ:
Սթոլթենպերկ նշեց, որ դաշինքի անդամ երկիրներ «յայտնած են, որ վճռական են անդամակցութեան հոլովոյթը արագացնելու»` աւելցնելով, որ քայլերը կրնան ամիսներ տեւել, սակայն «անդամակցութեան սովորական քայլերէն աւելի արագ պիտի ըլլան»: