31 օգոստոսին Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հանդիպումը:
«Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Կը նշուի, որ հանդիպումի ընթացքին պիտի քննարկուին այն նոյն հարցերը, որոնք մինչ այդ Պրիւքսելի մէջ քննարկման առարկայ եղած են: