Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պր. Մինաս Թէօլէօլեան…

July 16, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Պր. Մինաս Թէօլէօլեան…
Լեւոն  Շառոյեան  (Հալէպ)
Ո՞վ կը յիշէ այս դժուարահունչ անունը, կամ ո՞վ կրնայ վկայութիւն մը տալ այս անունին հրապարակագրական վիթխարի վաստակին մասին, որ անընդհատ կուտակուեր է աւելի քան վաթսուն տարիներու երկայնքին, 1930-ականներէն մինչեւ 1990-ականներ: Ամբողջ կեանք մը՝ հայ մամուլի ասպարէզին մէջ, խմբագրատունէ-խմբագրատուն, Պոլսէն Հալէպ, յետոյ Գահիրէ, Պէյրութ ու վերջապէս՝ Պոսթըն:
Անցեալ օր, Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի ամավերջի հանդէսին, ուրախացայ՝ երբ երկու անգամ յիշատակուեցաւ Թէօլէօլեանի անունը: Կը խորհիմ, որ երիտասարդ մեր շրջանաւարտներէն որեւէ մէկը տարրական գաղափար մ ՛իսկ չունի յիշատակուած այս անունին մասին, բայց այնուամենայնիւ՝ այս յիշատակումը տեղի՛ն էր, որովհետեւ թէ՛ կը ցոլացնէր երախտագիտական ազնիւ զգացում մը, թէ՛ ալ գրգիռ մը կրնար ըլլալ… դէպի ետ նայելու (պր. Թէօլէօլեան իր կեանքին վերջին շրջանին «Երբ ետ կը նայիմ» վերնագրով յուշագրական երկար շարք մը ստորագրեց մամուլի մէջ):
Մ. Թէօլէօլեան բնիկ պարտիզակցի էր: Աւարտած էր Պոլսոյ վիեննական Մխիթարեան վարժարանը: 1940-ական թուականներուն ստիպուեր էր հեռանալ Թուրքիայէն ու հաստատուիլ Հալէպ՝ ինքզինք ամբողջովին նուիրելով կրթական, մամլոյ եւ կուսակցական (Հ.Յ.Դ.) աշխատանքներու: Եղած էր Ճեմարանի առաջին տնօրէնը, միաժամանակ վարելով նոր հիմնուած «Արեւելք» օրաթերթի խմբագրի ծանր պաշտօնը: Երեւակայե՜լ. առտուան կանուխ ժամերէն դպրոց վազել, յետոյ ալ հեւ ի հեւ խմբագրատուն հասնիլ՝ յօդուած գրելու, սրբագրութիւններ կատարելու եւ…եւ այդ շրջանի կուսակցական բուռն պայքարները առաջնորդելու համար…:
Իր դատումներուն մէջ շատ խիստ էր, կծու եւ աններող: Յաճախ, կարելի չէր համամիտ ըլլալ իրեն: Զորօրինակ, կը յիշեմ, թէ 50-ականներու սկիզբը անընդունելի շատ բան գրած է Կիլիկիոյ Գարեգին Յովսէփեանց գիտնական կաթողիկոսին դէմ, լուտանքներու կամ անուանարկումներու հարուստ բառամթերքով մը…(«Արեւելք»-ի խմբագրականներ): Սակայն հիացում կ՛առթէր իր լեզուն, գեղեցիկ, յստակ ու ոճային իւրայատուկ դարձուածքներով: Կրնամ ըսել որ «թէօլէօլեանական» նախանձելի եւ առոյգ հայերէն մը զարգացուց, որուն կարօ՜տը ունինք այսօր…:
Ի՞նչ մնաց պր. Մինաս Թէօլէօլեանէն: Երկու հաստափոր հատոր «Դար մը գրականութիւն»: Այս երկու հատորները ան հետագային վերամշակեց ու լոյս ընծայեց բոլորովին բարեփոխեալ բովանդակութեամբ, հոնկէ դուրս թողլով այն ամէն թերիները, որոնք ծանրօրէն քննադատուեր էին Ա. հրատարակութեան առիթով: «Դար մը գրականութիւն»-ը, որպէս մնայուն գործ մը, կ՛անմահացնէ Թէօլէօլեանի անունը:
Ի՜նչ լաւ եղաւ որ Ճեմարանը իր հանդէսին յիշատակեց պր. Թէօլէօլեանը: Մանաւանդ որ այս տարի կը լրանայ անոր մահուան 25-ամեակը (1913-1997):
Previous Post

Թախծոտ խճանկար

Next Post

Երիտասարդ ընկերներուս՝ իբրեւ օրակարգի նիւթ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.