ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հիւրընկալութեամբ Գանատայէն դոկտ. Զարեհ Ուզունեանի, Ջիւան Աւետիսեանի յաջորդ ֆիլմին՝ «Վերածնունդ»ին ի նպաստ հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 15 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Phoenicia ճաշարանին մէջ (343 N. Central Ave., Glendale, CA 91203), ուր բեմադրիչ Քարլա Կարապետեան հարցազրոյց մը պիտի ունենայ բեմադրիչներ՝ Աւետիսեանին եւ Նարինա Ոսկեանեանի հետ։
Ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Արցախի արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան։
Տեղեր ապահովելու համար հեռաձայնել (818) 521-4995 թիւին, իսկ ֆիլմին արտադրութեան աջակցելու համար այցելել կայքէջը։