Հայաստանի քաղաքական ուժերը յայտարարութիւն մը հրապարակեցին, ուր հանրահաւաք մը կը նախատեսեն կազմակերպել չորեքշաբթի, 11 նոյեմբերին:
Ոստիկանութիւնը անմիջապէս արձագանգեց յիշեցնելով , որ 27 սեպտեմբերին, Հայաստանի հանրապետութեան մէջ յայտարարուած ռազմական դրութեան պայմաններուն տակ արգիլուած է հաւաք եւ հանրային միջոցառում կազմակերպել եւ մասնակցիլ: