Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՌԱՈՒՏԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 8-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

August 14, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0
ՌԱՈՒՏԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ  ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 8-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 2 Օգոստոս 2018-ին, Երեւանի Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ սկսաւ Համահայկական 8-րդ Կրթական Խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի 24 երկրի 120 ներկայացուցիչ, ընդ որում Լիբանանի մէջ նորաբաց Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան:

Համաժողովին ողջոյնի ուղերձ յղեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Բացման խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան:

Նախարար Յարութիւնեան նշեց, որ երկամեայ պարբերականութեամբ Հայաստանի մէջ գումարուող խորհրդաժողովներուն նպատակն է քննարկել արտերկրի հայկական կրթօճախներու հիմնահարցերը, յստակացնել կրթութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները: Ըստ նախարարին, խորհրդաժողովի քառօրեայ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք մշակուած բանաձեւը պէտք է արտացոլէ այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնց իրագործումով կարելի պիտի ըլլայ լուծել Սփիւռքի կրթութեան ոլորտի դիմագրաւած հիմնահարցերը եւ ստեղծել կայուն համագործակցութեան միջավայր:

Խորհրդաժողովի քառօրեայ աշխատանքները ընթացան լիագումար նիստերու եւ բաց քննարկումներու ձեւաչափով: Մասնախումբերու ծիրէն ներս քննարկուեցան նաեւ Սփիւռքի ամէնօրեայ եւ միօրեայ դպրոցներու մէջ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի դասաւանդման հիմնահարցերը:

«Արեւմտահայերէնի դասաւանդման հիմնախնդիրները արեւմտահայ ամէնօրեայ եւ մէկօրեայ դպրոցին մէջ» թեմայով ի շարս այլոց զեկուցեց Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ ժողովականներուն ներկայացուց լիբանանահայ վարժարաններու դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ արեւմտահայերէնի դասաւանդման հիմնահարցերը:

Տիկ. Պոյաճեան նախ անդրադարձաւ այն իրողութեան, Լիբանանի բազմալեզու միջավայրին մէջ լիբանանահայութիւնը ստիպուած է դիմագրաւել լեզուական մարտահրաւէրներ՝ արեւմտահայերէնը պաշտպանելու համար, որ առաքելութիւններէն մին է լիբանանահայ կրթօճախներուն, որոնք, որակեալ կրթութիւն ջամբելու կողքին, ճիգ չեն խնայեր սերունդներուն ուսուցանելու մայրենի լեզուն եւ զանոնք դաստիարակելու հայկական ոգիով: Ան շեշտեց հայ դպրոցին ինքնուրոյն դերը, որ մեր ինքնութեան ու հզօրութեան ամրակուռ ամրոցը, ուր, դժբախտաբար, ոչ միայն աշակերտներու թիւը զգալի նուազած է, այլ նաեւ, նոյնինքն վարժարաններուն թիւը նուազած է միացումի հանգամանքով:

Հայերէնագիտական առարկաներու ուսուցիչներու մասնագիտութեան հարցը: Հայոց լեզուի, քերականութեան, գրականութեան եւ պատմութեան գիրքերու թէ՛ պակասը, թէ՛ շատերու ժամանակավրէպութիւնը: Հայերէնի դասաւանդման դասապահերու հարցը, որ կը ստեղծուի պետական քննութիւն յանձնելիք դասանիւթերուն աւելի շատ կարեւորութիւն տալու պարտաւորութենէն: Հայ դպրոց յաճախող աշակերտի թիւի նուազումը, որ արդիւնք է արտագաղթի, իրենց զաւակները օտար դպրոց ուղարկելու՝ որոշ ծնողներու նախընտրութեան, եւ երկրին ընկերային-տնտեսական պայմաններուն, որոնց լոյսին տակ մեծ թիւով ծնողներ ի վիճակի չեն ըլլար հայկական վարժարաններու ուսումնավճարը հայթայթելու եւ կ’ընտրեն պետական դպրոցի տարբերակը։ Համաշխարհայնացման գործօնը, որ սեփական արմատներէն կը հեռացնէ նաեւ հայը, գունաթափելով ազգային արժէքները:

Արեւմտահայերէնի դասաւանդման վերոյիշեալ փոխշաղկապուած հիմնախնդիրները ներկայացնելէ ետք, Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, որ բացայայտ իրողութիւն է, որ որեւէ բանի յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը կարելի է դատել միայն անոր արդիւնքէն, ըսելով, թէ որքան ալ որ կայացած համայնք ըլլանք Սփիւռքի մէջ, յառաջացած մարտահրաւէրներուն դիմաց մեր աշխատանքը կրնայ ձախողութեան մատնուիլ, եթէ շօշափելի քայլեր չառնուին սփիւռքեան ամէնօրեայ վարժարաններու հայերէնի դասաւանդման հոլովոյթին մէջ: Ան ընդգծեց, որ արդի մանկավարժական բոլոր յաջողած մօտեցումներն ու մեթոտները կարելի է կատարել, սկսելով ուսուցչական մասնագիտացումէն, հասնելով մինչեւ արդիւնաւէտ դասագիրքերու ստեղծումին ու դասարաններէն ներս համակարգչային արհեստագիտութեան մուտքին: Տիկ. Պոյաճեան աւելցուց, որ արեւմտահայերէնի դասաւանդման ու գործածութեան շօշափելի անկումը ան-յե-տա-ձգե-լի հրամայական կը դարձնէ կրթական համակարգի քննական ուսումնասիրութիւնը, շեշտելով, որ կրթական տագնապը գահավիժութեան ընթացքով շարունակուելու պարագային, սփիւռքահայ վարժարանները պիտի պարպուին իրենց հայակերտումի նպատակադրումէն: Արդարեւ ան կոչ ուղղեց ականջ տալու ահազանգին, որովհետեւ ժամանակն է գործնական եւ միասնական լուրջ աշխատանքի:

ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպումէն ետք, խորհրդաժողովի աշխատանքները աւարտեցան 6 Օգոստոսին, այն յոյսով, որ խորհրդաժողովի քառօրեայ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք մշակուած բանաձեւը պիտի արտացոլէ այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնց իրագործումով կարելի պիտի ըլլայ լուծել Սփիւռքի կրթութեան ոլորտի դիմագրաւած հիմնահարցերը եւ ստեղծել կայուն համագործակցութեան միջավայր:

Համահայկական Կրթական Խորհրդաժողովը առիթ մըն էր լիբանանահայ վարժարաններու ձայնը հասանելի դարձնելու հայրենի բարձրագոյն ամբիոններուն, մաղթելով, որ միասնական աշխատանքով կարելի կ’ըլլայ լուծումներ գտնել արեւմտահայերէնի գոյութիւնը խաթարող խնդիրներուն:

 

Previous Post

Philippines Cracks Down On Fuel Pirates

Next Post

The surprising way emotions can affect your gut health

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.