Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ռիատ Սալամէ. «կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարը 11.8 միլիառ տոլար Է»

June 7, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Report: Salameh to Make Shellshock Monetary-Judicial Revelation

Riad Salameh, Lebanon's central bank governor, speaks during an interview with The Associated Press at his office in Beirut, Lebanon, Monday, April. 18, 2016. Lebanon's central bank governor said Monday that Beirut will abide by a U.S. law that imposes sanctions on banks that knowingly do business with the militant Hezbollah group. (AP Photo/Bilal Hussein)

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ դրամատունը հետաքննութիւն բացած է` իմանալու համար, թէ արդեօք կա՞յ լիբանանեան կողմ մը, որ կ՛օգտուի երկրին արտաքին պարտքերը առկախ ձգելու երեւոյթէն, կամ կա՞ն անհատներ, որոնք Լիբանանի նիւթական արտաքին պարտաւորութիւնները չկատարելու պատճառով հարստացած են:

Ան նշեց, որ օրին ինք ընդդիմացած է նիւթական արտաքին պարտաւորութիւնները կասեցնելու որոշումին, որովհետեւ լիբանանեան պետութեան վրայ անոր ունենալիք հետեւանքները հսկայական են, յատկապէս Լիբանանը ֆինանսաւորող աղբիւրներու կասեցումին իմաստով:

Սալամէ յայտնեց, որ իր դէմ շղթայազերծուած արշաւը զոյգ նպատակ կը հետապնդէ: «Անոնցմէ մէկը այն է, որ իմ որդեգրած ելեւմտական քաղաքականութիւններս ամբողջական պատասխանատուն նկատեն Լիբանանի ապրած փլուզման, ինչպէս նաեւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցիները ինծի դէմ լարեն», ըսաւ ան:

Ռիատ Սալամէ մանրամասն կերպով ներկայացուց 2010-2021 տարիներուն ընթացքին կատարուած հաշուեքննութիւնը, որուն հիմամբ լիբանանեան պետութիւնը Կեդրոնական դրամատունէն 62 միլիառ տոլար մսխած է:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի երկրին կորսնցուցած գումարներուն պատասխանատուութիւնը բեռցնէ Կեդրոնական դրամատան վրայ:

Ան մաղթեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները նկատի ունենան Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան այս իմաստով շահաւոր դուրս պիտի գայ: «Բայց եւ այնպէս ներկայիս դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները ենթակայ են Լիբանանի կառավարութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին բանակցութիւններուն», ըսաւ ան եւ վերահաստատեց, որ ինք կը մերժէ Լիբանանի պահեստի ձոյլ ոսկին վաճառել:

Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարը 11.8 միլիառ տոլար է:

Previous Post

Ծովային սահմանազատումն ու նախապայմանները

Next Post

 Լիբանան կը սպասէ Հոքշթայնի ժամանումին, Իսրայէլ կը հաստատէ դիւանագիտական միջոցներով հարցը լուծելու ընտրանքը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.