ՊԱՔՈՒ, «Մինվալ»․- Միացեալ Նահանգները լրջօրէն մտահոգ է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ վերջերս տեղի ունեցած միջադէպերով, ներառեալ՝ վեց հայ զինուորները գերի բռնելու Ատրպէյճանի քայլը եւ երկու ատրպէյճանցի լրագրողներու մահը, ականապատուած շրջանի մը մէջ, ըսաւ 8 Յունիսին Պաքու այցելած արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնականի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըր՝ աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն հրահրիչ կը նկատէ միջազգային սահմաններու որեւէ խախտում։
«Կը մերժենք սահմանագծման համար ուժի կիրառումը եւ կոչ կ՛ընենք երկու կողմերուն՝ վերադառնալ նախկին դիրքերը եւ դադարեցնել սահմանի անորոշ կէտերուն վրայ դիրքերու հաստատումը եւ ականապատումները», ըսաւ ան։
Ռիքըր նաեւ խոստացաւ աջակցութիւն տրամադրել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման ջանքերուն՝ նշելով․ «Սահմանագծումը շատ կարեւոր է եւ բոլորին համար օգտակար։ Այս գործընթացը սկսելու համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք։ Բոլորս պէտք է մտահոգուած ըլլանք իրավիճակի վատթարացման հաւանականութեամբ։ Մենք երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք կարելի եղածին չափ արագ լուծել այս հարցը, ինչպէս նաեւ վերադառնալու առարկայական բանակցութիւններու՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի նախագահութեան հովանիին տակ»։