ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է:
Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւնը Հինգշաբթի, 26 Յուլիսին, հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց՝ յայտնելով, որ «2008 թուականի Մարտի 1ից 2ն ընկած ժամանակահատուածում Երեւան քաղաքում տեղի ունեցած իրադարձութիւնների վերաբերեալ ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութիւնում քննուող քրէական գործով նախաքննութեան ընթացքում ձեռք բերուած ապացոյցների բաւարար համակցութեան հիման վրայ, 2018 թուականի Յուլիսի 26ին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնաթող նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանին մեղադրանք է առաջադրուել ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 300.1ին յօդուածի 1ին մասով այն բանի համար, որ նա այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալել է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը»:
Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանը միջնորդութիւն ներկայացուցած է նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանաւորումը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու համար:
Նշենք, որ նոյն օրը, Քոչարեան Յատուկ Քննչական ծառայութեան կողմէ հարցաքննուած էր Մարտ 1ի գործով:
Քննչական ծառայութեան ներկայանալէ եւ իրեն հանդէպ քրէական մեղադրանքի յայտարարութենէն ետք, Քոչարեան «Երկիր Մեդիա» հեռատեսիլի ընկերութեան տուաւ բացառիկ հարցազրոյց մը, ուր խօսեցաւ Մարտ 1 2008ի գործին վերաբերեալ իր հարցաքննութեան մասին:
«Ես յատուկ եկել եմ ցուցմունք տալու համար, որպէս վկայ կարգավիճակում, սակայն երբ ինձ յայտարարեցին, որ իմ կարգավիճակը մեղադրեալի կարգավիճակ է, ես հրաժարուեցի ցուցմունք տալ», յայտնեց Քոչարեան՝ աւելցնելով որ վստահ է, որ իրեն նկատմամբ ներկայացուած մեղադրանքը յօրինուած է եւ շինծու ու իր քաղաքական գործունէութիւնը չէզոքացնելու փորձ:
«Ես կարող եմ յայտնուել բանտում: Կը գնամ, կը նստեմ, բայց կը պայքարեմ մինչեւ վերջ: Ո՞ւր պէտք է փախչեմ», ըսաւ Քոչարեան: