ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) քննուող 1 Մարտի գործով քրէական գործով վարոյթը իրականացնող մարմինը կը յայտնէ, թէ ձեռք բերուած ապացոյցները բաւարար են Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, Հայաստանի զինուած ուժերու սպայակոյտի պետի պաշտօնը վարած Սէյրան Օհանեանի, պաշտպանութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնը վարած Եուրի Խաչատուրովի եւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը վարած Արմէն Գէորգեանի վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութիւն կազմելու եւ գործերը դատարան ուղարկելու համար: Վերոնշեալ անձերուն նկատմամբ քրէական գործերու նախաքննութիւնները աւարտած են:
Քոչարեան մեղադրուած է Հայաստանի սահմանադրական կարգը տապալելու եւ առանձնապէս մեծ չափի կաշառք ստանալու յանցանքով:
Օհանեան մեղադրուած է Հայաստանի սահմանադրական կարգը տապալելու յանցանքով:
Եուրի Խաչատուրով մեղադրուած է Հայաստանի սահմանադրական կարգը տապալելու յանցանքով:
Արմէն Գէորգեան մեղադրուած է սահմանադրական կարգը տապալելուն օժանդակելու, առանձնապէս մեծ չափի կաշառք ստանալու եւ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյքը օրինականացնելու յանցանքով: