Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հոկտեմբեր 27-ին եւ 28-ին, Լիբանանի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցան սիրոյ, կարօտի, յոյսի եւ հայրենասիրութեան հեղինակային երգերու մեկնաբան Ռուբէն Հախվերտեանի եւ նուագախումբին համերգները` ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու եւ մեծաթիւ երիտասարդութեան: Այս մասին կը յայտնէ Լիբանանի ՙԱզդակ՚ օրաթերթը։
Ռուբէն Հախվերտեան եւ իր ընկերները` Յակոբ Ջաղացպանեան (կիթառ) եւ Գէորգ Մովսէսեան (ձեռնադաշնակ) զոյգ համերգները սկսան «Սա Երեւանն է» երգով:
Հախվերտեան երգեց հին ու նոր երգերէն կազմուած գեղեցիկ երգացանկ մը, որ արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին: Երգերէն յիշենք «Կարմիր կակաչները», «Ձիւն», «Հին ընկեր», «Մեր սիրոյ աշունը», «Կտակ եւ յիսունից յետոյ» երգերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր հնչեղութեամբ, խորհրդաւոր մթնոլորտով եւ պատգամներով ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն: