Արդարեւ, 14 մայիս 2021-ին տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ, որուն ընթացքին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ նամակով դիմած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որպէսզի Ռուսիա զինուորական օգնութիւն ցուցաբերէ Հայաստանին` 1997-ի Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան մասին պայմանագիրին համաձայն: Սակայն, Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Փաշինեան օգնութիւն չէ խնդրած Ռուսիայէն:
Փաշինեան նաեւ ըսաւ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հետ, որ ըսած է, թէ ինք կը հետապնդէ, որ հարցը փոխանցուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, եւ յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին հովանաւորութեամբ, ըստ անհրաժեշտութեան, Ֆրանսա պատրաստ է նաեւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցի լուծման միջազգային ջանքերուն:
Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ պաշտօնապէս դիմած է ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի գործող նախագահ, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնին` 15 մայիս 1992-ի «Հաւաքական անվտանգութեան մասին» պայմանագիրի երկրորդ յօդուածի ծիրին մէջ, ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու դիրքորոշումները համակարգելու եւ յառաջացած սպառնալիքի վերացման համար միջոցներու ձեռնարկելու նպատակով արտակարգ խորհրդատուութիւններու անյապաղ սկսելու գործիքակազմը գործադրելու համար: Ան այս մասին, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ հանգամանալից տեղեկատուութեամբ նամակներ յղած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի միւս անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն:
Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի աւարտին 86 թեր քուէներով որդեգրուեցաւ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ խստագոյնս կը դատապարտուին Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ ոտնձգութիւնները` հաստատելով, որ Ազրպէյճանի վարած յարձակողական քաղաքականութիւնը կը խախտէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ ամրագրուած միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները:
16 մայիս 2021-ին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստ:
Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, թէ քննարկուած են հայ-ազրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակի լուծման ուղղութեամբ բանակցութիւններու ընթացքին եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի անձեռնմխելիութեան ապահովման ուղղուած հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր:
Երէկ վերջ գտան երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները, որոնք տեղի ունեցան ռուս խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին Սիւնիքի նախկին մարզպետ, «Վերածնուող Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան ըսաւ, թէ իր ունեցած տեղեկութիւններով` Սիւնիքի մարզին մէջ ազրպէյճանական չորս դիրք պիտի ըլլայ` իւրաքանչիւրին մէջ 15-ական զինուոր:
«Այսօրուան բանակցութիւններու արդիւնքով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Սեւ լիճի տարածքին մէջ ունենալ հաւասարաչափ ուժեր. չորս դիրք պիտի ունենան ազրպէյճանցիները, չորս դիրք հայկական կողմը: Անհեթեթը այն է, որ իրենք կը պարտադրեն, թէ մենք քանի զինուոր ու դիրք ունենանք մեր հողին վրայ», ըսաւ Վահէ Յակոբեանը: