Հայաստանը Ռուսիոյ դաշնակից պետութիւն է. երկու երկիրները շատ հարուստ երկկողմանի օրակարգ ունին` փոխադարձ այցելութիւններ, մեծ նախագիծերու իրականացում, տնտեսական համագործակցութեան զարգացում:
«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ, Միջազգային յարաբերութիւններու Մոսկուայի պետական հիմնարկին մէջ ուսանողներու հետ հանդիպման ընթացքին վերոյիշեալ յայտրարարութիւնը կատարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ անդրադարձած է Արցախի հարցին:
«Կան համաձայնութիւններ, որոնք ստորագրած են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի նախագահները եւ Հայաստանի վարչապետը: Այս համաձայնութիւնները կը յստակացնեն բոլոր փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ ղեկավարներու առաջարկները: Այս աշխատանքը մէկ օրուան չէ, անիկա ընթացքի մէջ է: Ատով անձամբ կը զբաղին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները», եզրափակեց Լաւրով: