Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Ռուսիան Պատրաստ Է Աշխուժ Ներդրում Ունենալ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանային Կացութեան Լուծման Մէջ» Կ՛ըսէ Պիքանթով

August 7, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Russia highlights stabilization of situation in NK conflict zone ahead of 76th session of UN General Assembly

Ազրպէյճան տակաւին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դէտի կարգավիճակով միանալու համար դիմում չէ ներկայացուցած: Այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Պիքանթով:

«Կրնամ անմիջապէս նշել, որ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններն ու անդամները ուղղութիւն ճշդած են գործելու առաւել բաց, ներառեալ տեղեկատուական ոլորտը, ինչպէս նաեւ ընդլայնելու կազմակերպութեան արտաքին կապերը: Որդեգրած են փաստաթուղթեր, որոնք կը նախատեսեն տարբեր հետաքրքրուած երկիրներու` ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան միանալու կարելիութիւն` դէտերու եւ գործընկերներու կարգավիճակով: Նման որոշումները կ՛ընդունուին միաձայնութեամբ: Ազրպէյճանի կողմէ նման դիմում մինչեւ օրս չէ ներկայացուած», ըսաւ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ան ընդգծեց, որ Ռուսիան յոյս ունի, որ «հաւասարազօր եւ կառուցողական համագործակցութեան զարգացումը այլ պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու հետ պիտի նպաստէ վստահութեան մեծացման եւ անվտանգութեան ամրապնդման այն տարածքին մէջ, որ ընդգրկուած է ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան դաշտին մէջ»:

Ան նաեւ յայտնեց. «Կրնամ ընդգծել, որ ռուսական կողմը լրջօրէն մտահոգ է վերջերս յաճախակի դարձած զինեալ միջադէպերուն առնչութեամբ, որոնք տեղի կ՛ունենան հայ-ազրպէյճանական սահմանի առանձին հատուածներուն մէջ: Յատկապէս մտահոգիչ է այն, որ անոնք կ՛ուղեկցուին երկու կողմէն մարդկային կորուստներով: Ցաւալիօրէն, հակառակ բոլոր ձեռնարկուող քայլերուն, սահմանին վրայ լարուածութիւնը չի նուազիր: Այս առումով բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք խուսափելու իւրաքանչիւր գործողութենէ, որ պիտի յանգեցնէ կացութեան հետագայ վատթարացման: Բոլոր ի յայտ եկող խնդիրները պէտք է լուծել բացառապէս խաղաղ, քաղաքական-դիւանագիտական եղանակով»:

Պիքանթով աւելցուց. «Ռուսիան պատրաստ է հետագային եւս աշխուժ ներդրում ունենալ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ կացութեան կարգաւորման գործին մէջ, ներառեալ` լարուածութեան մեղմացման քայլերու եւ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու գործարկումը»:

«Այդ ջանքերը շրջանին մէջ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման հետ միասին, ինչպէս նաեւ միջհամայնքային երկխօսութեան խթանումը պիտի նպաստեն Անդրկովկասը կայունութեան, բարգաւաճման եւ զարգացման գօտի վերածելուն` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու` 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի յայտարարութիւններուն համաձայն», նշած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Previous Post

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Զարգացումներ Եւ Փոխադարձ Ռմբակոծում, Որոնք Կը Խանգարեն Ներքին Լիբանանեան Անդորրը

Next Post

Afghanistan war: Taliban capture three regional capitals

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.