ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու»․- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ստորագրուած է Արցախի զինադադարը հսկելու միացեալ հսկողութեան կեդրոն ստեղծելու Ռուսիոյ հետ համաձայնագիր մը, առանց հրապարակելու մանրամասնութիւններ:
Թրքական զինուած ուժերէն մասնագէտներ նաեւ սկսած են աջակցիլ Պաքուի բռնագրաւած Արցախի շրջանները ականազերծելու աշխատանքին։