ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆԸ ԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ԿՈՉ ԸՐԱՒ
Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները՝ Սերկէյ Լաւրով եւ Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի զարգացումները: Զրոյցին աւարտին լոյս տեսաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Ռուսիա եւ Թուրքիա հաւանութիւն կու տան ռազմական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցնելու ճիգերուն:
Սպիտակ տան մամլոյ խօսնակ Քէյլի Մքքենա անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումին, ըսաւ.« Մենք կոչ կ’ընենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն առանց յապաղումներու վերսկսիլ բանակցութիւններու՝ առանգ նախապայմաններու եւ բարեխղճօրէն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հովանիի տակ»:
Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտարարեց, թէ Ազերի թշնամին ռմբակոծած է Վարդենիս- Սոթք մայրուղին:
Նշենք, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Մ. Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ Արցախի մէջ անյապաղ զինադադար հաստատելու համատեղ յայտարարութիւն մը տարածեցին: