ՊԱՔՈՒ, «Ազատութիւն».- Ռուսիա կը փափաքի շարունակել նպաստել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան, 13 Դեկտեմբերին, Պաքուի մէջ յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպման ընթացքին:
Լաւրով Պաքու կը գտնուի մասնակցելու Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստին:
Նշենք, որ Հայաստան եւս կը մասնակցի նշեալ նիստին: Այս մասին «Սփութնիք Արմէնիա»ին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Նաղդալեան՝ աւելցնելով, որ Երեւանը պիտի ներկայացնէ արտաքին գործոց նախարարութեան Բազմակողմ եւ երկկողմ տնտեսական համագործակցութեան վարչութեան պետ Աշոտ Քոչարեան: