Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ռուսիա – Կորսուած առիթներ

January 31, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Russia, missed opportunities

Ռուս-Ուքրանական վերջերս ծաւալած հակամարտութիւնը, շատ հաւանաբար աւարտի առանց զինուորական բախումի, որովհետեւ ռուսերը ամէն գնով կ՚ուզեն խուսափիլ NATO- ի անդամ դաշնակից երկիրներու դէմ պատերազմելէ։ Ստեղծուած ճգնաժամը եւ պատերազմի վախը, Արեւմուտքին կողմէ «Տոն Քիշոթ»անման դրսեւորում մըն է։
Ուքրանիոյ դէմ զինուորական գործողութեան յարմարագոյն առիթը տարի մը առաջ էր՝ ԱՄՆ-ու մէջ իշխանափոխութեան ժամանակ, երբ խառնաշփոթ վիճակ կը տիրեր։ Ռուսերը կորսնցուցին այդ պատեհութիւնը, իսկ այդ կացութենէն օգուտ գաղողները եղան թուրք-ազերի դաշինքը շղթայազերծելով Արցախի դէմ 44 օրեայ պատերազմը։
Ի միջի այլոց,  Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ, Մ. Զախարովայի վերջին յայտարարութիւնները ի յայտ կը բերեն, որ Ռուսաստանի  համբերատարութիւնը սկսած է հատնիլ  Ալիեւի  կողմէ Ուքրանիոյ  ի նպաստ դիրքորոշումին, առաւել Արցախի հանդէպ իր նկրտումներուն պատճառաւ։

Ներկայիս, այս պայմաններու տակ, Ռուսերը ի՞նչ կրնան ընել։

-Դրացի կամ սահմանակից երկիրներու – Իրան, Չինաստան, Հնդկաստան – տնտեսական եւ զինուորական կապերը ամրացնել. մասնաւորաբար Չինաստանի եւ Իրանի հետ, որոնք արեւմուտքին կողմէ պատժամիջոցներու ենթակայ են։
-Կազի հոսքը դէպի Եւրոպա կրճատել՝ նոյնիսկ դադրեցնել, սառեցնելով զանոնք, ձեւով մը Նափոլիոնի եւ Հիթլերի բանակներու օրինակին նման։
-Սլաւ երկիրներու ժողովուրդներու զգացումները օգտագործել ճեղք մը բանալու արեւմտեան երկիրներու միջեւ։
-Շահագործելով Թուրքիոյ մէջ ապրող մեծաթիւ Քիւրտ ազգաբնակչութեան դժգոհութիւնները, Ռուսիա կրնայ Կովկասեան ճակատին շրջափումը շրջանցել եւ Թուրքիոյ վրայով հասնիլ Միջեկրականի «տաք ջուրերուն»:

Ինչ կը վերաբերի «կորստեալ պատեհութիւններուն՝ Արցախեան երկրորդ պատերազմին, Ռուսերը կորսնցուցին ոսկի առիթ մը։ Անոնք դիւրաւ  կրնային միջնորդել եւ պատերազմը դադրեցնել շատ աւելի կանուխ եւ իրենց մեծաթիւ խաղաղապահ ուժերը ղրկել Արցախ։ Ընդ որում, շրջանին մէջ ապահովելով հզօր ներկայութիւն, կարելի էր նաեւ Արցախի ճամբով հողային կապ մը հաստատել Իրանի հետ։ Այս կորսուած պատեհութիւններուն համար Ռուսական կողմը սուղ գին պիտի վճարէ։

Պատմութիւն ցոյց կու տայ, որ Ռուսերու քաղաքական յատկանշական արժանիքներէն մէկն է համբերատարութիւնը։ Սակայն, անկախատեսելի է, թէ ե՞րբ կրնայ ծագիլ յաջորդ պատեհ առիթը։

Հայկական կողմին համար կարեւոր գործօններ են՝ համբերութիւն , վերահաշուարկ եւ զգօն  վիճակ, սպասելով Շուշիի, Հատրութի եւ այլ տարածքներու վերատիրացման

յարմար պատեհութեան, յար եւ նման Արցախեան առաջին պատերազմի օրերուն, երբ ամբողջ հողատարծքը ազատագրուեցաւ ազերիական գերիշխանութենէն։

Գրիգոր Գրաճեան

Յունուար, 2022
Լիբանան

 

Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ԴՈԿՏ. ՀՈՒՏԱ ՍԷԼԼՈՒՄԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ԻՐ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ ԴՈԿՏՈՐԱԿԱՆ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post

Հայաստանի աշխարհաքաղաքականութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.