ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հարաւային Կովկասիի մէջ փոխադրական հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարներուն եւ Հայաստանի, Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի փոխվարչապետերու գլխաւորութեամբ գործող եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան շուրջ միտքեր փոխանակեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Հայաստան այցելող Ռուսիոյ փոխվարչապետ, եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահ Ալեքսէյ Օվերչուք:
Ըստ Հայաստանի կառավարութեան լրատուականին՝ զրուցակիցները քննարկեցին հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգին եւ տնտեսական կապերուն վերաբերող հարցեր:
Զրուցակիցները անդրադարձան 2021ին երկկողմ առեւտրական շրջանառութեան ծաւալներուն եւ գոհունակութեամբ նշեցին այդ ուղղութեամբ աճի արձանագրումը: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին առեւտրական-տնտեսական եւ ներդրումային փոխգործակցութեան զարգացման եւ ոլորտին ներուժի ամբողջական օգտագործման ուղղութեամբ համալիր ջանքերու գործադրութիւնը: