Ռուսիան նպատակ չունի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ հաղորդակցութեան բացառիկ իրաւունք ձեռք բերել: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` 9 նոյեմբեր 2020-ին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան ստորագրման առաջին ամեակին վերաբերեալ հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Ռուսական կողմը չի յաւակնիր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ հաղորդակցութեան մէջ մենաշնորհի, թէեւ այդ երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն հետ երկար եւ սերտ բարեկամութեան, բոլոր ոլորտներու մէջ լայնածաւալ գործակցութեան կապ ունինք: Մենք հանդէս կու գանք միջազգային ընտանիքի գոյութիւն ունեցող ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման օգտին` համարժէք հաշուի առնելով փոփոխութեան ենթարկուած շրջանային իրողութիւնները», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:
Դիւանագիտական ծառայութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ եռակողմ յայտարարութեան որդեգրումէն մէկ տարի ետք կարելի է հանգիստ հերքել ընկերային ցանցերու եւ համացանցային աղբիւրներու մէջ տեղեկատուական հոսքերը, թէ «Ռուսիոյ խաղաղապահ ջանքերը ուղղուած էին Լեռնային Ղարաբաղը անջատելուն, Ազրպէյճանին յանձնելուն, Հայաստանը «խնամատիրութեան» վերածելուն: Նման յայտարարութիւնները կը կրեն ամբոխավարական բնոյթ, կը կատարեն ակնյայտ արտաքին պատուէր եւ իրականութեան հետ կապ չունին»:
Նախարարութիւնը կը նշէ, որ Մոսկուայի նախաձեռնած բոլոր եռակողմ փաստաթուղթերն ու մեքանիզմները կողմերուն պարտադրուած չեն եղած, այլ հիմնուած են շահերու ստուգուած հաւասարակշռութեան վրայ, որ կը նախատեսէ չափազանց յարգալից վերաբերմունք Պաքուի եւ Երեւանի գերիշխանութեան եւ շահերուն նկատմամբ:
«Մենք չենք կրցած համաձայնութեան գալ մեր շարք մը նախաձեռնութիւններուն շուրջ, եւ ատիկա բնական է: Սակայն արդէն իսկ հաստատուած համաձայնութիւնը, ինչպէս կ՛ըսեն, ձեռք բերուած է տառապանքով եւ գործնականին մէջ արդիւնաւէտօրէն կը գործադրուի», ընդգծած է նախարարութիւնը:
Հայ–Ազրպէյճանական Սահմանի Որոշման Բանակցութիւններու Մեկնարկի Մասին
«Ռուսիան պատրաստ է աջակցելու հայ-ազրպէյճանական սահմանի որոշման շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկին` ատոր հետագայ սահմանազատման համար», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
«9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան մէջ արձանագրուած է կարեւոր կէտ` շրջանի բոլոր տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակում: (…) Մենք կը կարծենք, որ խնդիրի երկարաժամկէտ լուծումը հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի մեկնարկն է` ատոր յաջորդելիք սահմանագծումով: Ռուսիան պատրաստ է անհրաժեշտ խորհրդատուական օգնութիւն ցուցաբերելու, կողմերու խնդրանքով տրամադրելու անհրաժեշտ քարտէսագրական նիւթեր, այլ երկիրներու հետ կիսելու սահմանազատման իր հարուստ փորձառութիւն», կը նշէ նախարարութիւնը:
«Ռուս սահմանապահները ներկայ են սահմանի ամէնէն խնդրայարոյց հատուածներուն մէջ` կանխարգիլելու եւ ճնշելու հակամարտային իրավիճակները եւ կարգաւորելու միջադէպերը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: «Ամբողջ օրուան դրութեամբ կազմակերպուած է Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանային գերատեսչութիւններու կապի անձերու աշխատանքը` համապատասխան տեղեկատուութեան փոխադարձ փոխանակման ուղղութեամբ: Հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ ընդհանուր կացութեան կարգաւորման ուղղութեամբ միացեալ աշխատանքի առանցքային տարրերէն մէկը եռակողմ աշխատանքային խմբակի (ԵԱԽ) աշխատանքն էր», կը նշէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը նաեւ կ՛ընդգծէ. «Մենք վճռական կերպով պիտի շարունակենք եռանդուն աշխատանքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն (Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ֆրանսա) գծով: Համանախագահներու ծրագիրներն են` այցելել շրջան եւ շարունակել հաղորդակցութիւնները «3+2» ձեւաչափով:
Եռակողմ Աշխատանքային Խմբակի Աշխատանքին Վերաբերեալ
«Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ ԵԱԽ-ի ութ հանդիպումներու իբրեւ արդիւնք ներկայացուած է զեկուցում, ուր նկարագրուած են երկաթուղային եւ ինքնաշարժային որոշակի երթուղիներ` վերականգնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կապը` ելքով դէպի դրացի երկիրներու փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններ, ինչ որ պիտի բարձրացնէ շրջանի տարանցիկ գրաւչութիւնը եւ պիտի ներգրաւէ լրացուցիչ ներդրումներ: Այդ կապակցութեամբ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համար «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային զարկերակի իրագործման լրացուցիչ հեռանկարներ ի յայտ կու գան:
«Կարեւոր է յատկապէս այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ, որ լրատուամիջոցներու մէջ կ՛ուռճացուի, որ ԵԱԽ-ի բոլոր մասնակիցները համաձայնած են, որ բոլոր ապաշրջափակուած նորաստեղծ փոխադրամիջոցային ճամբաները պիտի գործեն գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ այն տէրութիւններուն, որոնց տարածքով անոնք կ՛անցնին», եզրափակած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: