Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ տարածքային զիջումներ կատարելու որոշումը պէտք է տան ուքրանացի ժողովուրդն ու Զելենսքին» կ՛ըսէ Պլինքըն

June 16, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
US trying to push back on any unilateral actions particularly by Azerbaijan that would only inflame situation – Blinken

Ուքրանիոյ ժողովուրդը եւ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի գլխաւորած կառավարութիւնը պէտք է առանձին որոշեն տարածքային զիջումներու կարելիութեան հարցը, Միացեալ Նահանգներ չի պատրաստուիր իրենց դիրքորոշումը պարտադրելու: «Փի.Պի.Էս.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործող նախարար Էնթընի Պլինքըն:

«Ուքրանիոյ ապագան ուքրանացիներու ձեռքերուն մէջ է: Այդ որոշումները պէտք է կայացնեն ուքրանացի ժողովուրդն ու ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած կառավարութիւնը, ներառեալ նախագահ Զելենսքին: Անոր որոշելիքն է, թէ ի՛նչ կը բխի իր երկրին շահերէն: Մենք ալ պիտի զօրակցինք», լրագրողներու հարցումին ի պատասխան ըսած է Պլինքըն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ ու արեւմտեան երկիրները «օրը 24 ժամ, շաբաթը 7 օր կ՛աշխատին, որպէսզի համոզուին, որ անոնք (ուքրանացիները, «Ա.») պիտի ստանան այն ամէնը, ինչ որ անհրաժեշտ է` Ռուսիոյ դէմ պատերազմ մղելու համար»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան թուիթըրեան պաշտօնական էջին վրայ զետեղուած է պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթընի հետեւեալ մէջբերումը. «Ռուսական ներխուժումը օրինակ է այն բանին, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, երբ մեծ տէրութիւնները կ՛որոշեն, որ իրենց կայսերական ախորժակները աւելի կարեւոր են, քան իրենց խաղաղ դրացիներու իրաւունքները»:

«Ռուսական ներխուժումը այն է, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, երբ ճնշողները կը խախտեն մեզ բոլորս պաշտպանող կանոնները: Եւ ատիկա քաոսի եւ իրարանցումի հաւանական աշխարհի նախադիտումն է, որուն մէջ մեզմէ ոչ ոք կ՛ուզէր ապրիլ», աւելցուցած է Փենթակոնի ղեկավարը:

«Վոյեննոյէ Օպոզրենիէ» իր կարգին հաղորդեց, որ Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերու նախկին հրամանատար Ուեսլի Քլարք յայտարարած է. «Հակառակ զէնքի եւ սպառազինութեան մատակարարման, Ուքրանիան Ռուսիայէն կը պարտուի»: Անոր համաձայն, առանց լրացուցիչ օգնութեան, Քիեւի վարչակարգին վրայ կարելի է խաչ քաշել:

Ամերիկացի զօրավարը խօսք արտասանած է «Ատլանտեան խորհուրդ»-ին մէջ` ըսելով, որ առանց ՕԹԱՆ-ի օգնութեան Ուքրանիան չի կրնար յաղթել Ռուսիոյ: Անոր համաձայն, դաշինքին անհրաժեշտ է միջամտել տագնապին եւ Ռուսիոյ ստիպել դադրեցնել զինուորական յատուկ գործողութիւնը:

Քլարք համոզուած է, որ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարութեան կողմէ ներկայիս վարուող չմիջամտելու քաղաքականութիւնը արդէն հինցած է, դաշինքը պէտք է «ռուսական նախայարձակումին» պատասխանէ:

Previous Post

Զախարովա` Փառուխի մասին. «սահմանազատման յանձնախումբի գործունէութիւնը կապ չունի Ղարաբաղի մէջ կացութեան հետ»

Next Post

Ահաբեկչական խմբաւորումներ երկու հրթիռ արձակած են Քեսապի ուղղութեամբ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.