Վաղը՝ չորեքշաբթի,18 նոյեմբեր 2020-ին, ռուս, ամերիկացի եւ ֆրանսացի դիւանագէտներ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը պիտի քննարկեն Մոսկուայի մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա յայտնեց, թէ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Իկոր Փոփովը պիտի ներկայացնէ Ռուսիան: Վերջինս միաժամանակ անդամ է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան:
Իր կարգին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան հաստատեց հանդիպումը:
Կ’արժէ նշել, որ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ Մոսկուայէն մանրամասնութիւններ կը պահանջեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան: Սոյն հարցը լուսարձակի տակ առնուեցաւ Մ.Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէուի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի միջեւ Փարիզի մէջ կայացած հանդիպումին: Անոնք նշեցին, թէ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ յանձնառու կը մնան վերջինիս դերակատարութեան, սակայն Մոսկուայէն պարզաբանումներ պահանջեցին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած եռակողմ համաձայնութեան եւ անոր մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան: