Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ «ուքրանական կողմը բանակցութիւններուն մէջ հաստատ դիրքորոշում չունի, եւ համաձայնեցուած կէտերու շուրջ անոր դիրքորոշումները փոփոխական են»:
«Ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն ընթացքը լաւ չէ», ըսաւ Փեսքով:
Պատասխանելով Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի` Մոսկուայի հետ Քիեւի բանակցութիւններուն վերաբերող յայտարարութիւններուն առնչութեամբ Քրեմլինի հակազդեցութեան, ան ըսաւ. «Չենք ուզեր հրապարակել այդ մանրամասնութիւնները, որոնք բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան»:
«Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութիւնը ճշդուած ծրագիրին համաձայն կ՛ընթանայ», նշեց Փեսքով` աւելցնելով. «Չենք կրնար տուեալներ հրապարակել այն երկիրներուն վերաբերեալ, որոնք համաձայն գտնուեցան ռուսական կազին գինը ռուբլիով վճարելու»:
Լուկանսքի շրջանային զինուորական վարչակազմի ղեկավար Սերկէյ Կայտայ Դիմատետրի վրայ գրած է. «Ռուսական բանակը մտած է Լուկանսքի շրջանի Քրեմեննայա քաղաք, ուր արդէն սկսած են թաղային մարտերը»:
Անոր համաձայն, երէկ ամէնէն թէժ կէտը, բացի Փոփանսայայէն, Քրեմեննայա բնակավայրն էր:
«Այնտեղ արդէն մարտեր տեղի կ՛ունենան, ռուսական բանակը մտած է հսկայական քանակութեամբ սպառազինութեամբ», գրած է Կայտայ` նաեւ աւելցնելով, որ երէկ կը նախատեսուէր քաղաքէն տարհանում, սակայն ամէն ինչ փոխուեցաւ մէկ գիշերուան ընթացքին: