Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ -ՊԱՅՔԱՐ – 119
Գերմանիոյ Խորհրդարանը՝ Պունտեսթակը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ 2 Յունիս 2016-ին: Նախապէս այդ երկրին արտաքին գործոց եւ մշակոյթի նախարարութիւնները քանի մը տարիներ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ դասախօսութիւններ ձեռնարկեցին՝ զանազան երկիրներու Գերմանիոյ դեսպանատուներու կից գործող Կէօթէի անուան Գերմանական մշակութային կեդրոններու եւ Միջին Արեւելքի մէջ գործող Գերմանական Արեւելագիտական հիմնարկներու մէջ: Այդ դասախօսութեանց շարքին՝ 2008-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Հայասպանութեան մասին դասախօսութիւն մը Պէյրութի Գերմանական Արեւելագիտական Հիմնարկի Կեդրոնին մէջ, ուր դասախօսեց լիբանանցի պատմաբան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտինը: Գերմանացիները ի շարս այլոց հետաքրքրուած էին իմանալու Հայոց Ցեղասպանութեան գիտակ լիբանանցի պատմաբանի մը տեսակէտները Հայասպանութեան նկատմամբ:
Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ կայսերական Գերմանիոյ մեղսակցութեան պատճառաւ, անոնց պետական շրջանակները որեւէ մէկէ աւելի լաւ գիտեն Հայասպանութեան ծրագրաւորման, կանխամտածուած բնոյթի եւ գործադրման ծալքերը: Վերոնշեալ դասախօսական ձեռնարկներուն նպատակը շօշափել էր զանազան ոչ հայ մասնագէտներու արձագանգները Հայասպանութեան մէջ Գերմանիոյ մեղսակցութեան մասին, գիտնալու համար միջազգային հանրային կարծիքին իմացութեան տարողութիւնը այս հարցին շուրջ:
Պէյրութի Գերմանական Արեւելագիտական Հիմնարկին մէջ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին երբ գիտականօրէն կը ներկայացէր Հայասպանութիւնը, ներկաներէն մին՝ Պէյրութի Արաբական համալսարանի պատմութեան դասախօս մը, անքաղաքավար ու կոպիտ ձեւով միջամտեց ելոյթի ընթացքին ու փորձեց խանգարել օրուան դասխօսին, սակայն ըստ պատշաճի հանդիպեցաւ օրուան գերմանացի հանդիսավարին՝ նոյն հիմնարկի տնօրէնին յանդիմանութեան, որ սաստեց զայն եւ հրաւիրեց դասախօսին շարունակելու իր նիւթին ներկայացումը, ապա հարցումներու եւ կարծիքներու փոխանակումով քննարկել Հայասպանութիւնը: Յետոյ պարզուեցաւ որ միջամտողը թրքամէտ եւ Լիբանանի թրքական դեսպանատան հետ սերտ կապակցութիւն ունեցող մըն է: Դասախօսը՝ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին անտեսելով կողմակի այս միջամտութիւնը շարունակեց ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր փաստարկները եւ գիտականօրէն քննարկելով Հայկական Հարցը աւարտեց իր ճառը: Դասախօսութեան վերջաւորութեան հարցումներ ուղղուեցան դոկտ. Սալէհ Զահրէտտինի որ պատշաճ կերպով պատասխանեց անոնց: Այս բաժնին մէջ բացակայ էր նոյնինքն միջամտող պատմաբանը, որ ցոյց կու տայ թէ ան միայն խանգարելու միտումով ներկայ եղած էր հոն՝ թրքական համապատասխան կողմէն իրեն յանձնարարուած «միջամտութեամբ» արգելք հանդիսանալու օրուան դասախօսին իր նիւթը ներկայացնելու:
Դասախօսութենէն ետք հարցումներու եւ լուսաբանման զրոյցի ընթացքին ծագած անհրաժեշտութենէն մեկնելով, նաեւ յաւելեալ ուսումնասիրութիւններու իբրեւ արդիւնք, դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին 2012-ին արաբերէն լոյս ընծայեց «Հայերը Եկեղեցւոյ, Քաղաքականութեան եւ Տնտեսութեան Միջեւ» 255 էջնոց ուսումնասիրութիւնը, Պէյրութի մէջ անհատական հրատարակութեամբ:
Սոյն գիրքին յառաջաբանին մէջ (էջ 5-25) դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’անդրադառնայ Պէյրութի Գերմանական Արեւելագիտական Հիմնարկին մէջ 2008-ին կայացած իր դասախօսութեան, ուր կ’ըսէ թէ Պէյրութի Թրքական դեսպանատունը փորձած էր խանգարել զայն: Ան կ’աւելցնէ որ այս դասախօսութիւնը տեղի ունեցած էր այդ Հիմնարկին մէջ հետեւեալ այն իրողութեան բացայայտ ըլլալով հանդերձ, թէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին եւ անկէ առաջ Գերմանիոյ կառավարութեան եւ բանակին նեցուկը Օսմանեան Պետութեան ու բանակին յայտնի էր բոլորին (էջ 8) աւելցնելով, որ ամէն ոք գիտէ թէ ինչպէս այդ օրերուն Գերմանիոյ բանակն ու վարչակարգը կը քօղարկէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ ի գործ կը դրուէր անոր դաշնակից Երիտթուրքերու ձեռքով, մասնաւորաբար հրահանգովը անոր ղեկավարութեան՝ Թալաաթի, Ճեմալի եւ Էնվերի…:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին անդրադառնալով հայոց գոյութեան առընչութեան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կ’ըսէ, թէ ան կը խտանայ այն իրողութեան մէջ որ Հայոց Եկեղեցին հայերը առաջնորդելու եւ անոնց հաւաքական կեանքը պահպանելու դերը դարերով առած է իր ուսերուն եւ հայը հայ մնացած է շնորհիւ այդ եկեղեցւոյ ու հաւատքին:
Գալով հայոց տնտեսական վիճակին, դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’ըսէ թէ հայերը Օսմանեան Պետութեան մէջ միշտ եղած են ուշիմ եւ աշխատասէր տարրը ու անոր տնտեսութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են: Ան կ’աւելցնէ, թէ նոյնն է պարագան յետեղեռնեան Լիբանանի եւ շրջանի այլ երկիրներու մէջ, ուր հայերը իրենց ուշիմութեան եւ աշխատասիրութեան շնորհիւ կրկին եղած են յառաջադէմ տարր:
Այս բոլորէն անդին, գիրքին մէջ կարեւոր եւ յատկանշական է Օսմանեան արխիւներուն Հայասպանութեան վերաբերեալ նիւթերուն արծարծումը հեղինակին կողմէ: «Թուրքերը մէծ ջանք թափեցին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Օսմանեան արխիւները անհետացնելու համար, մինչ Անատոլուի թուրք բնակիչները մինչեւ օրս կը խոստովանին հայոց դէմ իրենց մեծ հայրերուն կիրառած ոճիրները, ինչպէս կ’ըսէ Ուիքիլիքսի մէկ հաղորդագրութիւնը, որ միեւնոյն ատեն հարց կու տայ – Արդեօ՞ք թուրքերը անհետացուցած են 1915ի եւ 1916ի հայոց դէմ գործադրուած ջարդերու տեղեկութիւնները», կ’ըսէ Սալէհ Զահրէտտին (էջ 9):
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’ըսէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող շատ գիտնականներ կը գանգատին թէ թրքական կառավարութիւնը կը ջանայ արգելք հանդիսանալ անոնց որոնք Օսմանեան արխիւները կը պրպտեն: Ապա ան կ’աւելցնէ, նոյնը Օսմանեան արխիւներու պատասխանատու՝ Եուսէֆ Սարինայ հաղորդած է Անգարայի Ամերիկեան դեսպանատան պատասխանատուներուն ըսելով. «Թրքական կառավարութիւնը կը պարտադրէ ուսումնասիրողներուն որպէսզի անոնք Թուրքիոյ մէջ գտնուին օրինաւոր ձեւով՝ կարենալ հասնելու համար արխիւներուն: Այս պարտադրանքը կը պահանջէ որ անոնք մուտքի արտօնութեան համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայնութիւնը ունենան: Այս ձեւով ամերիկացի ուսումնասիրողներ կրցած են մտնել երկիր եւ հասնիլ արխիւներուն: Սակայն Հայաստանի Հանրապետութենէն ոչ մէկ ուսումնասիրող կրցած է մուտքի արտօնութիւն ստանալ, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական կապեր գոյութիւն չունին» (էջ 12): Միւս կողմէ Հայասպանութիւնը ուսումնասիրող թուրք պատմաբան մը կ’ըսէ թէ ներկայիս մութին մէջ կառավարութիւնը կը փորձէ անհետեցնել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պահուած կարեւոր փաստաթուղթերը (էջ 13):
Վերադառնալով Պէյրութի Գերմանական Արեւելագիտական Հիմնարկի դասախօսութեան, հեղինակը կը նշէ, թէ անոր աւարտին այդ Հիմնարկի գերմանացի պատասխանատուները բարձր գնահատած են դոկտ. Սալէհ Զահրէտտինի օրուան նիւթին շուրջ ներկայացուցած արխիւային փաստարկները, նաեւ հանդիսականներու հոծ բազմութեան ներկայութիւնը: Պատմաբանը այս իրողութիւնը կը վերագրէ «հարցերը արխիւային տեսանկիւնէն ներկայացնելու մէջ եւ ոչ թէ՝ քաղաքական» ձեւով:
Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին դէմ ապարդիւն հակաճառողները եւ աւելի հեռու գացողները՝ ուրացողները այլեւս բացայայտուած են իբրեւ ճղճիմ արարածներ, որոնք նիւթական յաւելեալ նպաստի փոխարէն կը ծառայեն Թուրքիոյ պետութեան եւ այլ քանի մը ուրացող կողմերու: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու եւ հակաճառողներու այլ փաղանգի մը գոյութիւնն ալ արձանագրուած է յանձինս Հայասպանութեան ուրացումի մութ բեւեռի մը՝ ԱՄՆի եւ Մեծն Բրիտանիոյ համալսարաններէն այլեւայլ ակնկալութեամբ դոկտորական տիտղոսով փոքրաթիւ «վկայուածներու», որոնք մարտնչող յամառութեամբ կ’ուրանան Հայասպանութիւնը որովհետեւ իրենց գործերէն բացայայտուած է, թէ իբրեւ պայման վկայական ստանալու՝ խոստացած են թրքամէտ քաղաքական ուղղութիւնը պահպանել ի գին ամէն սկզբունքային զոհողութեան (այս պարագային՝ զոհել Հայասպանութեան ճշմարտութիւնը) նիւթական յաւելեալ պարգեւատրման փոխարէն: Այսպիսիներէն են հարցականներով լեցուն դոկտորական տիտղոսաւորներ Էտուըրտ Էրիքսըն եւ Քրիսթոֆըր Կանն ու այլք, որոնցմէ առաջին երկուքին մասին առանձին յօդուածներով անդրադարձած ենք «Պայքար» շաբաթաթերթի 79րդ եւ 101րդ թիւերուն մէջ:
Վերի այս յստակացումը կատարեցինք ցոյց տալու համար դոկտ Սալէհ Զահրէտտինի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարած գործին գիտականութիւնը, եւ աջ ու ահեակ իբր թէ գիտական գործերով ներկայացող եւ Թուրքիոյ ջրաղացին ջուր թափող քանի մը Հայասպանութիւնը ուրացող արեւմտեան վարձկան սնանկ գրչակներու լրբութիւնը: Ուրեմն յստակ եւ պարզ է , թէ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտինն ու նմանները ճշմարտութեան բացայայտման կը ծառայեն եւ իրենց արժանի տեղը արդէն գրաւած են պատմութեան մէջ, իսկ ամէն տեսակի վարձու գրչակները արդէն իսկ նետուած են պատմութեան աղբանոց: