ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ
Արդէն երկու ամիս է Հայաստան կ՚ապրի Սահմանադրական դատարանի ճգնաժամ մը։ Անցումային երկու դրոյթներ կը բախին իրարու։ 2015-ի Սահմանադրութեան հեղինակները երկու հակասական դրոյթներ պահպանած են անցումային գլուխին մէջ, որ թոյլ կու տայ Սահմանադրական դատարանի նախագահին շրջանցել նոր Սահմանադրութեամբ ճշդուած Սահմանադրական դատարանի մասին ընդունուած կարգը եւ անոր նախագահին ճանչնալ 2005-ի սահմանադրական կարգի տրամադրութիւններով ցկեանս նախագահելու իրաւունքը։ Կայ նաեւ Ազգային Ժողովի ամպիոնէն Վահէ Գրիգորեանի յարուցած հարցը, որ կը վերաբերի Սահմանադրական դատարանի անդամի եւ դատաւորի կարգավիճակներու խնդրին։
Տակաւին անորոշ է, թէ ի՞նչ լուծում պիտի ստանայ Հայաստանի արդարադատութեան համակարգի բարեփոխումը։ Սակայն յստակ է որ գործընթացը սկսած է եւ Սահմանադրական դատարանը կը մնայ հին վարչակարգին կողմէ հաստատուած վերջին ու ամենէն զօրաւոր պաշտպանուած պատնէշը։
Յեղափոխութեան առաջին օրերէն արդարադատութիւնը՝ բեմերէն արծարծուած կարեւորագոյն նիւթերէն եղած է։ Պաշտօնապէս վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է թէ ինք պիտի չմիջամտէ դատական գործողութիւններուն, ցուցմունքներ պիտի չտայ։ Սակայն, ըստ երեւոյթին այս միամիտ վերաբերումը բնաւ արգելք չէր եղած որ դատաւորները շարունակեն ցուցմունքներ ստանալ նախքան յեղափոխութիւնը՝ նախկին իշխանութեան ժամանակէն արդէն հաստատուած խողովակներէ։ Արդարադատական համակարգը ինքնամաքրաման ընթացք չորդեգրեց։ Վիճակը ծայր աստիճան սրուեցաւ Քոչարեանի դատավարութիւններով, որոնցմէ մէկուն ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան նախագահներ միջամուխ եղան Հայաստանի արդարադատութեան հարցերուն։
Վարչապետ Փաշինեանի կողմէ դատարաններուն կէսօրեայ շրջափակումը եւ կառավարութեան դահլիճին մէջ արտասանած ճառը դուռ բացաւ արդարադատութեան համակարգի բարեփոխումին։ Առաջին յարձակումը թիրախ առաւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդը (ԲԴԽ), որու նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի հրաժարումին հետեւեցան հինգ այլ դատաւորներու հրաժարականներ։ Անցեալ շաբաթ վարչապետին զրոյցը «Ազատութիւն» լրասփիւռին հետ՝ թիրախ կ՚առնէր Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանը, որ միաժամանակ գլխաւոր հեղինակն է խորհրդարանական վարչակարգը ամրագրող Սահմանադրութեան, որ պիտի յաւերժացնէր Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնը, ինչպէս որ յաւերժացուցած էր սահմանադրական դատարանի նախագահի իր պաշտօնավարութիւնը։
Այն ինչ որ բացարձակապէս ճիշդ կը հնչէ վարչապետ Փաշինեանի դիտարկումներուն մէջ՝ ժողովրդային վստահութեան հարցն է։ Պէտք է վերջապէս դատաւորները իրենց վճիռները արձակեն յանուն ժողովուրդին, յանուն հանրային շահին, յանուն արդարութեան, բոլորովին անկախ, ապաւինելով իրենց խղճին ու դատողութեան։ Փաստօրէն, նախկին քրէական համակարգի կազմալուծման վերջին պատնէշը՝ արդարադատութիւնը ամենէն խրթինն էր. այդ է պատճառը որ իշխանութիւնը կը յառաջանայ մէկ քայլ առաջ երկու քայլ կողմ մարտավարութեամբ, միշտ դիմելով միջազգային իրաւական կազմակերպութիւններու խորհրդատւութեան։ Անոր ամենէն սուր քննադատները եւ հակառակողները կը մնան արտախորհրդարանական ուժերը։
Ժ.Չ. ■