Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Սահմանազատում-Սահմանագծում. Առանց Չար Լեզու Ըլլալու, Բայց` Խոր Մտահոգութեամբ

December 16, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ. Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

ՅԱԿՈԲ  ՊԱԼԵԱՆ

«Իրողութիւնները չեն դադրիր գոյութիւն ունենալէ,
քանի որ անոնցմէ անտեղեակ ենք»:

ԱԼՏՈՒՍ ՀԱՔՍԼԷ

Երբ չենք գիտեր, թէ հոլովուած սահմանազատում-սահմանագծում երկու բառերու ետին ի՞նչ վերապահուած է մեր երկրին եւ ժողովուրդին, աւելի ճիշդ` ի՞նչ պիտի պարտադրուի պարտուած իշխանութեան, ենթադրութիւններ կ՛ընենք` ճիշդ կամ սխալ, ինչպէս կ՛ըլլան բոլոր ենթադրութիւնները:

Առանց չար լեզու ըլլալու, չար համարուած լեզուներու հետեւելու` կրնա՞նք խորապէս չմտահոգուիլ որպէս հողակտոր (յիշել Ռաֆայէլ Իշխանեանի ճիչը` հողակտորը փրկելու մասին)` Հայաստանէն ռազմավարական տարածքներ կորզելու ո՛չ այնքան ալ գաղտնի միտումներու մասին խորհելով:

Սահմանազատում, սահմանագծում այդ զոյգին հետ յիշուող ճանապարհ եւ միջանցք եզրերը կը կարօտին պարզաբանման: Մօտի դրացի եւ հեռուի դրացի երկիրներու ճանապարհները բաց կ՛ըլլան փոխադարձութեան սկզբունքով, յարգելով տուեալ երկիրներու օրէնքները եւ կանոնները, ե՛ւ շրջագայութեան ե՛ւ բեռնափոխադրումներու համար: Վիճայարոյց չէ խաղաղութեան բնական պայմաններու մէջ այս կամ այն երկրի ճանապարհներով շրջագայութիւնը:

Բայց աշխարհի եւ մասնաւորաբար Հայաստանի ոեւէ քաղաքացիի համար թաքուն եւ պարզաբանման կարօտ իմաստ ու նպատակներ ունի միջանցքը, որ Հայաստանէն կը պահանջուի, որ կարծէք ճանապարհ չէ, տարբեր բան է: Այդ միջանցքը, որ Նախիջեւանը եւ Թուրքիան պիտի կապէ Ազրպէյճանի, ինչպէ՞ս պիտի հակակշռուի, որո՞ւ հակակշռին տակ պիտի գործէ: Ինչո՞ւ Հայաստանէն անցնող ճանապարհները պիտի հակակշիռուին ուիշներու կողմէ: Միջանցքը պիտի ըլլայ տեսակ մը փապուղի՞ (tunnel) Հայաստանի պետութեան հակակշռէն անկախ, թէ՞ փոխադարձութեան սկզբունքով բաց ճանապարհ:

Բանակցութիւններ` Իլհամ Ալիեւի զէնքի ուժով միջանցք ձեռք բերելու մասին:

Սպառնալիքի տակ բանակցութիւնները անուն ունին. տիքթաթ:

Ռուսիա, Ազրպէյճան եւ Հայաստան Սոչիի մէջ կրկնութեան նմանող հանդիպում ունեցան, բայց ոչ մէկ յստակ խօսք ըսուեցաւ առանցքային նշանակութիւն ունեցող «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին: Թէեւ Ազրպէյճանի նպատակը եւ պահանջները յստակ են, ան կը սպառնայ նոյնիսկ զինու զօրութեամբ հասնիլ իր նպատակին: Սոչիի ժողովին ի՞նչ խօսուած է, ի՞նչ պահանջուած է, ի՞նչ խոստացուած է, ինչո՞ւ համաձայնութիւն չէ գոյացած, ինչո՞ւ Վլատիմիր Փութին չէ յաջողած տեսակէտները համադրել:

Այս քաղաքական մշուշին մէջ Եռակողմ ժողովին մասնակցող Հայաստանի վարչապետը Ազգային ժողովին եւ ժողովուրդին պէտք է առանց ճապկումներու բացատրէ, թէ ի՞նչ է պահանջուածին ամբողջութիւնը, ի՞նչ է Հայաստանի համար ընդունելի տարբերակը, ի՞նչ է Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից եւ ժողովի երրորդ կողմ Ռուսիոյ վերաբերումը:

Երեւակայեցէ՛ք պահ մը, որ Հայաստան զիջի կամ անոր պարտադրուի ընդունիլ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը: Ի՞նչ պիտի ըլլայ ան Հայաստանի քարտէսին վրայ. ան պիտի ըլլայ հայապատկա՞ն տարածք, թէ՞ տարածք, որ Զանգեզուրը պիտի բաժնէ երկու մասերու, եւ այդ տարածքի վրայ Հայաստանի պիտի պարտադրուի հրաժարիլ իր գերիշխանութենէն: Զանգեզուրի երկու մասերը ինչպէ՞ս պիտի պիտի կապուին իրարու: Հաղորդակցութեան համար կամուրջնե՞ր հաստատուին «միջանցք»-ի զանազան հատուածներուն վրայ, թէ՞ այդ երկու հատուածները իրարու պիտի կապուին Ազրպէյճանի կողմէ հաստատուած եւ հսկուած անցակէտերով: Նման համաձայնութիւն-զիջում ո՞ւր կրնայ յանգիլ, ինչ կը վերաբերի Զանգեզուրի բնակչութեան ապագային եւ հուսկ` հայկական գոյութեան:

Ո՛չ ոք կը խօսի հայկական տարածքներու վերադարձի մասին:

Եթէ բարիդրացիական վերաբերում է «միջանցք»-ի զիջումը, ինչո՞ւ չխօսիլ դէպի Սեւ ծով հայկական միջանցքի մը մասին:

Սահմանազատում եւ սահմանագծում ինչպէ՞ս ընել, ո՞ր սկզբունքներով, ո՞ր իրաւունքով, ո՞ր ճշմարտութեամբ, այսինքն` ո՞ր բարոյականով:

Պէտք է խօսիլ հայ ժողովուրդի պատմական հայրենիքի մասին, ինչ կը վերաբերի անոր նախնիներով բնակուած աշխարհի մասին, ուր թաւալած է այդ ժողովուրդին պատմութիւնը, ուր ան եղած է բնիկ:

Ի վերջոյ տարբերութիւն մը կա՞յ, թէ՞ չկայ բնիկներու (autochtհon) պատմական հայրենիքը ներխուժած օտարի եւ բռնութեամբ հաստատած իրաւունքի եւ անոր հակառակին միջեւ:

Այդ պատերազմով եւ անոր հետեւող աւարը քարտէսի վերածող  իրաւունքո՞վ կը ճշդուի, սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, ինչպիսի՞ արդարութեամբ կ՛իրականացնուի. բռնագրաւողի ստեղծած կացութիւնը կատարուած իրողութիւն համարելո՞վ: Ի՞նչ բանի կը ծառայեն ՄԱԿ-ը եւ անոր Ապահովութեան խորհուրդը:

Միթէ պատմութիւնը կը սկսի բռնարարքներու եւ նուաճումներու հաստատած (չ)իրաւունքի կանոններով:

ՄԱԿ-ի 193 անդամները, անոր Ապահովութեան Խորհուրդը եւ ընդհանուր քարտուղարը, պիտի ըսե՞ն, թէ ո՛ւր պէտք է դիմել, վասն արդարութեան եւ ազգերու համերաշխութեան, գլխագրուած Իրաւունքի եւ գլխագրուած Արդարութեան յանգելու համար: Կրկին յիշեցնեմ. պատմական, մարդկային եւ բարոյական ո՞ր հիմնաւորումներով հայոց մայրաքաքաղաք Անին կը գտնուի բռնագրաւողներու երկիր Թուրքիոյ մէջ: Չկա՞յ ատեան մը, անկախ քաղաքական որձեւէգ աճպարարութիւններէ, ուր կարելի ըլլայ դիմել… Եթէ չկայ, կը շարունակուի homo homini lupusը, կամ աւելի պարզ խօսելով, մեծ ձուկերը պիտի շարունակեն ուտել պզտիկ ձուկերը:

Ինչ որ ներխուժումով եւ պատերազմով չէ խլուած Հայաստանէն, հիմա միջազգային նենգ համաձայնութիւններով պիտի պարտադրեն, այս անգամ` բարօրութեան, զարգացման, խաղաղութեան հաստատման մշուշին մէջ, զանգուածները համոզելով, որ ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ, երկիրը մեկուսացումէ դուրս կու գայ, առեւտուրը կը զարգանայ, խաղաղութիւն կը հաստատուի, կենսամակարդակը կը բարելաւուի: Լոյսերու մէջ շղարշուած խոստումներ, նախատեսութիւններ: Այդ բոլորին մէջ տեղ մը ներկա՞յ են հայ ժողովուրդը եւ անոր հայրենիքը:

Բայց դեռ ոչ ոք ըսաւ, թէ Հայաստան ի՛նչ գին պիտի վճարէ: Հայաստանի ժողովուրդը եթէ բան մը գիտէ եւ կը հասկնայ, թող ըսէ: Չեմ խօսիր բազմագոյն սփիւռք(ներ)ի մասին, որ ստուար մեծամասնութեամբ հեռադիտակին հակառակ կողմէն կը դիտէ կացութիւնները, այսինքն` փոքրացած, իրեն համար` աննշան: Ամբոխավարական միամտութեան զոհ սփիւռքը, որուն տեւաբար ըսուած է, որ Հայաստանը իր ալ հայրենիքն է, թեր եւ դէմ կարծիքներ կը յայտնէ, կը յուզուի, կ՛ընդվզի, եթէ իր քիթէն բռնելով ասդին-անդին չտանին: Բայց այդ «իր ալ հայրենիքն է» քաղաքական իրաւունքը ոչ մէկ ձեւով իրականութիւն դարձած է: Իր դերը արձագանգ ստեղծող ջութակի տուփն է, soundboard:

Երբ կանգնինք կատարուած իրողութեան դիմաց, խոստումներով պարուրուած «միջանցք»-ը տրուի, կրկին Հայաստան-հողակտորէն մասն մըն ալ պոկուի, ի՞նչ պիտի ըլլան հետեւանքները ինքնիշխան (souverain) պետութեան ապագային համար: Անկէ ետք ինչպէ՞ս եւ ո՞ր Հայ դատը պիտի հետապնդենք:

Աւելի պարզ խօսելով, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ո՞ր հայրենատիրական սկզբունքով, ինչպէս կ՛ըսուի` դոկտրինով պիտի խօսինք եւ գործենք:

Ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու, որ չէր գիտեր, չէր հասկցած:

«Միջանցք»-ը Հայաստանի անդամահատման շարունակման նո՞ր արարը պիտի ըլլայ, այս անգամ` մեր սերունդի մեղսակցութեամբ, ուրիշ բառ չգործածելով:

Եւ մեր յետնորդները պիտի չներեն:

Previous Post

Turkish businessmen must become martyrs, columnist says

Next Post

Immigrant arrivals into Cyprus increased by 40%, mostly from Turkey

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.