ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 10 Մարտին, կէսօրուան ժամը 1:10ի շուրջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որ կը նշէ, թէ հայկական կողմին «պատասխան գործողութիւններու լոյսին տակ, հակառակորդի կրակը դադրած է: Ժամը 3ի դրութեամբ իրադրութիւնը՝ սահմանի այդ հատուածին մէջ, յարաբերականօրէն կայուն էր:
Կացութիւնը լարուեցաւ նաեւ Արցախի մէջ, ուր կէսօրուան ժամը 2-2:30ի շուրջ, Մարտունիի շրջանի Խնուշինակ գիւղին ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն ատրպէյճանական կողմը խախտեց զինադադարը:
Պաշտպանութեան բանակը յայտնեց, որ ատրպէյճանական կողմը դարձեալ արձակեց 60 մմ․ տրամաչափի ականանետեր` այս անգամ 4 հատ: Հայկական կողմէն տուժողներ չկան:
Այս մասին յայտնեց նաեւ Արցախի դատախազութիւնը՝ նշելով. «Ադրբեջանի զինուած ուժերը տարբեր տրամաչափի զինատեսակներից, այդ թւում` ականանետերի կիրառմամբ աշխոյժ կրակ են վարում Արցախի Ասկերանի շրջանի Խրամորթ եւ Նախիջեւանիկ, Մարտունու շրջանի Խնուշինակ եւ Կարմիր շուկայ համայնքների վարչական տարածքների, ճանապարհների ուղղութեամբ` կասեցնելով բոլոր տեսակի գիւղատնտեսական աշխատանքները, խոչընդոտներ յարուցելով բնակիչների ազատ տեղաշարժին»։
Ըստ դատախազութեան՝ օրուան ընթացքին Խրամորթ համայնքի դրացնութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական յենակէտէն բարձրախօսով դարձեալ հնչեցեցին «տարածքը լքելու, ուժ կիրարկելու» սպառնալիքներ:
Զինադադարի խախտման մասին հաղորդուեցաւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: