Forbes պարբերականը հրապարակած է «Ռուսական անշարժ գոյքի արքաները-2018» վարկանշային աղիւսակը` ներկայացնելով, թէ գործարարները մէկ տարուան մէջ որքան գումար վաստակած են տարածքները վարձակալութեան տալու միջոցով, կը հաղորդէ “Փանորամա”-ն:
Ըստ պարբերականին` «Կիեւսքայա փլոշչատէ»-ի («Киевской площади») սեփականատէրեր Զարահ Իլիեւն ու Կոտ Նիսանովը վեց տարի շարունակ կը գլխաւորեն վարկանիշային աղիւսակը: Անոնք մէկ տարուան մէջ վարձակալութեան միջոցով վաստակած են աւելի քան 1.5 միլիառ տոլար:
Ընդհանուր առմամբ, վարկանշային աղիւսակին մէջ ներառուած 30 մասնակիցները վարձակալութեան միջոցով մէկ տարուան մէջ վաստակած են 8 միլիառ տոլար:
Նշենք, որ վարկանշային աղիւսակին մէջ ընդգրկուած են հայազգի գործարարներ Սամուէլ Կարապետեանը, Գագիկ Ադիբեկեանն ու Ռուբէն Վարդանեանը:
Մասնաւորապէս, վարկանիշային աղիւսակին մէջ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը կը զբաղեցնէ երրորդ հորիզոնականը: Ընկերութեան` վարձակալութենէն ստացուած եկամուտը 2017 թուականին կազմած է 650 միլիոն տոլար:
Forbes-ի տուեալներով` Գագիկ Ադիբեկեանն ու Ռուբէն Վարդանեանը կը զբաղեցնեն 28-րդ հորիզոնականը: Անոնց RD Group-ը մէկ տարուան ընթացքին վարձակալութեան շնորհիւ վաստակած է 65 միլիոն տոլար: