Ահարոն Շխրտըմեան – (Պայքար -287)
ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ ուսանած տարիներուս յաճախակի կ’այցելէի «Կիպրոսի միակ հնչակեան»-ին՝ կնքահօրս, Հաճնոյ հերոսամարտի Բ. վաշտի հրամանատար Մեսրոպ Շխրտըմեանին: Շրջապատի մէջ այդպէս կ’անուանէին կնքահայրս: Շաբթուան բոլոր յետմիջօրէները տարեկիցներու հետ ՀԲԸՄ-ի Նիկոսիոյ ակումբին մէջ կ’անցընէր ժամանակը, սակայն երեքշաբթի օրերը զիս կը սպասէր բնակարանին մէջ:
Դասապահերը աւարտելէ անմիջապէս ետք հերթապահներէն (Վարդգէս Գուրուեան, Յարութ Այվազեան) արտօնութիւն կը խնդրէի. կնքահօրս բնակարանը հեռու չէր Լուսոյ փարոսէն: Մօտ տասնհինգ վայրկեան ճանապարհները չափելով՝ դիմացդ կը յայտնուէր «Հիլթըն» պանդոկը, անոր կռնակը՝ բարձրայարկ շէնքի մը առաջին յարկը:Այդ օրերուն մայրաքաղաքին ամենաբարձր շէնքը:
Թէյը վաղուց պատրաստած կ’ըլլար կնքահայրս: Առօրեայ նիւթերու շուրջ կարճ զրոյցէ մը ետք ան կը փոխադրուէր Հաճըն….կը բանար իր յիշատակներու գանձարանը, կը պատմէր, յաճախ ձայնը կը խեղդուէր յուզումէն…. լռութիւն կը տիրէր, վերստին կը շարունակէր հին Հաճընի յուշերը: Որքա՞ն ուրախ եմ, որ հայրս ժամանակին զինք համոզեց գրի առնելու զանոնք: Բարեբախտաբար համաձայնեցաւ: 1974-ին լոյս տեսաւ «Մոռցուած դէպքեր եւ դէմքեր Հաճնոյ 1920-ի հերոսամարտէն» արժէքաւոր գիրքը, որ սպառեցաւ անմիջապէս:
Կնքահօրս պատմածներուն մեծ մասը լոյս չէր տեսած անոր գիրքին մէջ:
Յիշողութեանս մէջ կը մնայ հնչակեան հերոսներ Ժիրայրի եւ Մուրատի մօր՝ «Սառա մայրիկ»-ին մասին անոր պատմուածքը: Այս մի քանի օրը որոշեցի թուղթին յանձնել զայն: Դժուար եղաւ վերյիշել, բայց յաջողեցայ:
Այսօր՝ ընթերցողներուս կը ներկայացնեմ «Սառա մայրիկ»-ը:
Հին հաճնցիները լաւ կը ճանչնան Ժիրայրի եւ Մուրատի մայրը՝ «Սառա մայրիկ»-ը: Ան բնակած է Հաճնոյ Մանղրենց թաղը, դէպի մեծ շուկան տանող ճանապարհին, Ռեճեպենց փուռին դիմացը, փոքրիկ, երկյարկանի տուն մը, որուն ցած առաստաղով գետնայարկին մէկ կողմը կար հաւնոց մը: Այցելուները, ետեւի պատին կից, հնաձեւ փայտեայ նեղ սանդուււխէ մը վեր կը բարձրանային, առաջին յարկը, ուր կը բնակէր « Սառա մայրիկ»-ը: Հողէ սալայատակով ընդարձակ «ներս» մը, համեստ, բայց մաքուր եւ կոկիկ:՝
Մուտքի դռան ճիշդ վերեւը առջեւի պողոտային նայող պատուհան մը կար, ուր կը նստէր ան՝ յաճախ, թէ’ օդ առնելու, թէ’ դիտելու համար անցնող-դարձողները եւ դիմացի Ռեճեպենց փուռին տեսարանը:
Թաղին միակը ըլլալուն պատճառով՝ փուռը խճողուած կ’ըլլար առտուընէ մինչեւ իրիկուն տան հացը եփելու եկող թաղեցի կիներով, որոնց ընկերացած կ’ըլլային տան պզտիկները:
Որքա՜ն հետաքրքրական էր դիտել բազմաթիւ հաճնցիներու պզտիկները, որոնք, իրենց մօր, մեծ մօր կամ հարսնուկին փէշերուն փաթթուած փուռ հասնելէ ետք, ուրախ-զուարթ կը խաղային լայն ճամբուն վրայ, ուր ո’չ ինքնաշարժի, ո’չ կառքի երթեւեկ կար:
«Սառա մայրիկ»-ը միշտ սեւ կը հագնէր, ինչպէս սովորութիւն էր իր տարիքը ունեցող կիներու համար, մանաւանդ երբ այրի էին: Նիհարակազմ էր ան, կարելի է ըսել կաշի եւ ոսկոր, սակայն առողջ էր եւ ճկուն: Առանձին կ’ապրէր: Աղջիկը՝ Հայկանուշը, մեկնած էր Պոլիս: Ժիրայրը կախուած էր, Մուրատն ալ բանտը:
Թաղեցիները բոլորն ալ կ’ացելէին «Սառա մայրիկ»-ին: « Մայրիկ»-ը շատ բարեպաշտ էր եւ եկեղեցասէր: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին՝ եկեղեցի կ’երթար ամառ եւ ձմեռ, առանց նոյնիսկ փախցնելու երեկոյեան կարգերը: Թերեւս եկեղեցին առաջին մտնողներէն եւ վերջին ելլողներէն էր:
Մեղմ եւ դանդաղ կը խօսէր: Անոր պոռալը կամ բարձրաձայն խօսիլը չէր լսուեր բնաւ: Հակառակ որ քանի մը հաւ կը պահէր, որոնց թաղին մէջ գոյութիւնը, մանաւանդ բանուկ ճամբու մը յարակից, թաղի մանուկներուն հետ վէճ ունենալու առիթ կրնար ստեղծել: Այս խաղաղ գոյակցութեան պատճառը փնտռելու է թէ’ «Սառա մայրիկ»-ին հեզ նկարագիրին, եւ թէ’ բոլոր թաղեցիներուն, մեծ ու փոքր, անոր հանդէպ ունեցած յարգանքին:
«Սառա մայրիկ»ին ապրուստը հանելուկ մըն էր: Ո’չ մէկ եկամուտ ունէր, սակայն լաւ եւ մաքուր կ’ապրէր: Ո’չ մէկ պակաս, ո’չ մէկ նեղութիւն: Թաղեցիները անխտիր ջերմ հոգածութիւն ցոյց կու տային անոր հանդէպ: Բոլոր կարիքներուն կը հասնէին: Պէտք է ըսել, որ Հաճնոյ այդ թաղամասը ուրիշ թաղերու բաղդատմամբ աւելի բարեկեցիկ ընտանքիքներ կը պարունակէր: Անոնց իւրաքանչիւրին համար նուիրական պարտականութիւն էր «Սառա մայրիկ»-ին օգնել: Բոլորը առանց բացառութեան եւ կատարեալ կանոնաւորութեամբ կը հոգային «Սառա մայրիկ»ին անհրաժեշտութիւնները: Իւրաքանչիւր ընտանիք գիտէր իր կարգը:
Որքա՜ն ազնիւ, քաղաքավար եւ վեհանձն էր «Սառա մայրիկ»-ը: Ամէն անգամ որ ծրար կամ պնակ կը ստանար, առանց նայելու պարունակութեան, կ’առնէր մէկ կողմ կը դնէր, շնորհակալական բառեր փսփսալով: Պնակը կամ ծրարը յաջորդ անգամ կը վերադարձուէին, ամանը լուացուած, ծրարը կոկիկ ծալուած: Մաքրութեան եւ կանոնաւորութեան տիպար մը:
«Սառա մայրիկ»-ը շատ եկեղեցի երթալուն համար նշխարներ կ’ունենար: Շատ յաճախ պահարանէն նշխար մը հանելով, համբուրելէ ետք այցելուներուն կու տար: Նշխարը ստացողները տուն երթալէ ետք իրենց կարգին կը համբուրէին զայն եւ անմիջապէս իրենց տան շտեմարանին, ալիւրի բաժնին կափարիչը բանալով, անոր մէջ կը զետեղէին:
Հաճնոյ մէջ սովորութիւն էր շտեմարանին մէջ օրհնուած նշխար դնել. ան օրհնանք էր, շտեմարանին ալիւրը չէր հատներ…:
«Սառա մայրիկ»-ը այցելութիւն տալու սովորութիւն չունէր: Մարդամօտ էր թէեւ, սակայն չէր փափաքեր ուրիշին տունը մտնել-ելլել: Բայց ծննդաբերութեան կամ հարսանիքի նման բացառիկ պարագաներուն «աչքալոյսի»-ի այցելութիւնը չէր փախցներ: Իսկ երբ սուգ մը պատահէր, տան սգաւոր կնոջ ամենէն մօտիկը նստած, առաջին մխիթարողը ինքը, «Սառա մայրիկ»ը կ’ըլլար:
Հաճնոյ բնակիչները ի’նչ պատմութիւններ չէին հնարած «Սառա մայրիկ»-ին շուրջ: Ըստ ոմանց՝ Ժիրայրի ծնունդէն առաջ երազին մէջ հրեշտակ մը կը ներկայանայ եւ կ’ըսէ. «Պիտի ունենաս մանչ զաւակ մը, որ հայ ազգին ամենէն նշանաւոր հերոսներէն մէկը պիտի ըլլայ»:
Ուրիշներ կը պատմէին, թէ «Սառա մայրիկ»-ը Ժիրայրը օրօրելու պահուն կը կրկնէ եղեր. «Ապրի՛ր եւ մեծցի՛ր, եթէ ազգիդ պիտի ծառայես, եթէ ոչ՝ մեռիր հիմակուընէ»: Եւ ուրիշ պատմութիւններ ասոնց նման:
Կ’երեւի, թէ ոչ ոքի խելքին կը պառկէր, որ «Սառա մայրիկ»-ին նման նիհարակազմ եւ հեզաբարոյ կին մը Ժիրայրին եւ Մուրատին նման հերոսներ կրնայ ծնիլ առանց նախախնամական հրաշքի մը միջամտութեան: Սովորական մահկանացուներս այդպէս կը բացատրեն արտակարգ դէպքերը:
Ահա «մայր» մը, որուն յիշատակը պանծալի է ո’չ միայն հաճնցիներուն համար, այլ եւ համայն հայութեան: