ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- Էլիզէ պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին իրավիճակը ղարաբաղեան գօտիին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Մաքրոնին` նշելով, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահ Ֆրանսայի եւ անձամբ նախագահ Մաքրոնի ջանքերը եւ դիրքորոշումը տագնապի լուծման մէջ:
Ան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Արցախի վրայ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական յարձակումը կը շարունակուի, թիրախ կը դառնան Արցախի բնակավայրերը, խաղաղ բնակչութիւնը եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները, որուն իբրեւ արդիւնք կան զոհեր եւ վիրաւորներ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ:
Հայաստանի նախագահը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին ցուցաբերուող ռազմաքաղաքական աջակցութեան վերաբերեալ՝ ընդգծելով, որ Թուրքիոյ` իբրեւ երրորդ կողմի նման ծաւալի ներգրաւուածութիւնը աւելի կը սրէ իրավիճակը եւ կը վտանգէ տարածաշրջանին կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը: Նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ շրջանին մէջ մեծ սպառնալիք են Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճան բերուած եւ այնուհետեւ այդ երկրի բանակին կազմին մէջ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցող իսլամ ահաբեկիչները, որոնք, չի բացառուիր, որ որոշ ժամանակ ետք յայտնուին այլ երկիրներու մէջ, նաեւ՝ Եւրոպայի։
Նախագահ Մաքրոն նոյնպէս մտահոգութիւն յայտնեց շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն եւ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ:
Նախագահները համակարծիք էին, որ տագնապին խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի, եւ կարեւոր նկատեցին հրադադարի հաստատման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը։ Անոնք լուսարձակի տակ առին ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի դերը տագնապի լուծման մէջ եւ անհրաժեշտ սեպեցին Մինսկի խումբի համանախագահութեամբ կարելի եղածին չափ շուտ բանակցային սեղանին վերադառնալը: