Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Սեբաստիոյ «Հրամանատարի Եկեղեցի»-ն Պիտի Նորոգուի

August 29, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Սեբաստիոյ «Հրամանատարի Եկեղեցի»-ն Պիտի Նորոգուի

«ԱԿՕՍ».- Սեբաստիոյ հինգերորդ Ուսման զինանոցի սահմաններուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին շուտով պիտի նորոգուի: Երկար ժամանակէ ի վեր այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուէին: 20 օգոստոսին, Սեբաստիոյ կուսակալ Սալիհ Այհանը, եւ զինանոցի հրամանատար Էրթուղրուլ Էրպաքանը այցելեցին եկեղեցի: Կուսակալը այստեղ յայտնեց, որ եկեղեցւոյ սեփականութիւնը փոխանցուած է քաղաքի վարչութեան, եւ սկսած է վերանորոգման ծրագիրի մշակումը: Արդէն նախագիծ մը պատրաստուած ու վաւերացուած էր յուշարձաններու պահպանման խորհուրդին կողմէ: Եկեղեցին զինանոցի տարածքին գտնուելով` երկար տարիներ շահագործուած էր բանակին կողմէ: Սեփականութիւնն ալ կը պատկանէր պաշտպանութեան նախարարութեան: Սեբաստիոյ հայոց հայրենակցական միութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր բանակցութիւններ կը վարէր այս ուղղութեամբ: Կ՛ակնկալուի, որ վերանորոգման աշխատանքներէն ետք տաճարը օգտագործուի իբրեւ թանգարան եւ միայն յատուկ օրերուն պաշտամունք կատարուի անոր մէջ:

Թիւրիմացութիւն մըն էր եկեղեցւոյ անուանումը: Երկար ժամանակ անոր կը վերագրուէր Սուրբ Գէորգ անունը: Սակայն «Հրանդ Տինք» հիմնարկի մշակութային ժառանգի հետազօտութիւններու ընթացքին պարզուեցաւ, որ անիկա կը կոչուի Սուրբ Սարգիս: Հիմնարկին ուսումնասիրութեան մէջ եկեղեցւոյ անուան շուրջ տարակարծութիւնները կը մեկնաբանուին հետեւեալ կերպով. «Բազմաթիւ հայկական աղբիւրներ, ներառեալ` Փոլ Փափուճեանի եւ Ռայմոն Գէորգեանի նման կարեւոր աղբիւրներ, հիմնուելով Առաքել Պատրիկի աշխատասիրութեան վրայ` զայն կը կոչեն Սուրբ Աստուածածին: Աղեքսանտրեան 1911-ին հրատարակուած գիրքին մէջ կը նշէ, որ Թաւրայի մէջ կայ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ ժայռափոր Սուրբ Սարգիսը: Նաթանեան, իր կարգին, 1877-ին լոյս տեսած իր գիրքին մէջ կը նշէ, որ Թաւրայի հայութիւնը 100 ընտանիքէ կը բաղկանար. եկեղեցւոյ յատակագիծը սրբազան քարայրի մը վրայ կառուցուած է: Եկեղեցւոյ վերագրուած անուններէն մէկն ալ Սուրբ Գէորգն է, եւ այս սխալ անուանումն ալ կու գայ Սեբաստիոյ կեդրոնը գտնուող յունական Այոս Եորկոս եկեղեցւոյ հետ շփոթումէն: Նոյն աղբիւրը կ՛ընդգծէ, որ Թաւրայի Սուրբ Սարգիսը Սեբաստիոյ մէջ կանգուն մնացած բազմաթիւ եկեղեցիներէն միայն մէկն է: Անիկա շատ մօտ է հայոց գերեզմանատան եւ ժողովուրդին մօտ «Հույքեսեն» անունով ծանօթ Խնդրակատար Սուրբ Աստուածածին վանքին: Վերջերս Սեբաստիոյ հայոց հայրենակցական միութիւնը դէպի բնօրրան կատարած ուխտագնացութիւններուն ընդմիշտ կ՛այցելէ եկեղեցի եւ մօտակայ գերեզմանը: Նաեւ վարդավառեան խրախճանք եւ դաշտապտոյտ կը կատարէ Խնդրակատար վանքի աւերակներուն մօտ:

Previous Post

‘Why not? We didn’t come here for nothing’: Erdogan on buying Russian Su-57 as alternative to F-35

Next Post

Chinese Military Vows ‘New’ Contributions to Stability in Hong Kong – Report

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.