ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան օրուան առիթով, 1 Սեպտեմբերին նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Նախագահ Յարութիւնեան պետական բարձր պարգեւներ յանձնեց պաշտպանութեան բանակի զինուորներուն, ազատամարտիկներուն, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան, արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան աշխատակիցներու, առողջապահութեան, կրթութեան, գիտութեան ոլորտներու ներկայացուցիչներուն:
Գիտութեան, կրթութեան եւ առողջապահութեան բնագաւառներուն մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար խումբ մը անձերու շնորհուած են Լեռնային Ղարաբաղի պատուաւոր կոչումներ:
Նախագահ Յարութիւնեան շնորհաւորեց պարգեւատրուած անձերը եւ յայտնեց, որ Սեպտեմբեր 2ը պատմական օր է, համազգային հպարտութեան, հայ ժողովուրդի արցախեան հատուածի երբեմնի ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգնման եւ արժանապատիւ ներկան ու ապագան խորհրդանշող օր:
«Միասնականութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը համազգային գաղափարի շուրջ, որ դրսեւորեց հայ ժողովուրդն այդ փուլում, օրինակելի էր», ընդգծեց երկրին ղեկավարը`աւելցնելով, որ այսօր, առաւել քան երբեւէ, մեր ազգային հաւաքական ուժին շնորհիւ պէտք է կառուցենք մեր երազանքներու հայրենիքը:
Խօսելով կատարուելիք աշխատանքին մասին` Արայիկ Յարութիւնեան շեշտեց, որ պետականութիւնը պէտք է պաշտպանել, շարունակաբար ամրապնդել ու զարգացնել, որուն համար կայ կարեւորագոյն նախադրեալը` մարդկային պաշարը:
Միջոցառման ներկայ էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: