Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով 21 դեկտեմբերին Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի գործարարներուն յատկացուած ընդունելութիւն, որուն ընթացքին նախագահ Սարգսեան յղած է իր շնորհաւորական խօսքը, անդրադարձած է 2017-ի տնտեսական պատկերին եւ 2018-էն եղած ակնկալութիւններուն:
Ան յաջողութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ մաղթած է գործարարներուն` դիտել տալով, որ անոնց յառաջդիմութեան շնորհիւ երկրին մէջ կ՛արձանագրուի տնտեսական աճ, կը բացուին նոր աշխատատեղեր եւ աւելի բարգաւաճ ու բարեկեցիկ պայմաններ կը ստեղծուին: Ըստ անոր, ասիկա ընելու համար կար երկու անհրաժեշտ պայման. առաջինը` ձեր փափաքն է, աշխատասիրութիւնը, մտածելու եւ նախաձեռնելու կամքը, իսկ երկրորդը` փոխադարձ վստահութիւնն ու համագործակցութիւնը կառավարութեան հետ:
Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ 2017 թուականը կարելի է բնութագրել իբրեւ կառավարութեան տնտեսական ոլորտի մարմիններուն եւ գործարարներուն միջեւ համագործակցութեան տարի: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ եկող տարուան ընթացքին շատ աւելի լաւ արդիւնքներ կարելի պիտի ըլլայ ձեռք ձգել, քան` 2017-ին, որուն ընթացքին գոյացան նախադրեալներ այդ մէկը ընելու:
«Կանխատեսումներ չընեմ, բայց կը կարծեմ, թէ 6 առ հարիւրէն աւելի տնտեսական աճ պիտի ունենանք: 11 ամիսներու ընթացքին մենք ունեցած ենք աննախադէպ` 2 միլիառ տոլարի համարժէք արտածման ցուցանիշ, որ մեր համախառն ներքին արտադրութեան 20 տոկոսն է: Մենք երբեք այդպիսի ցուցանիշ չենք ունեցած: Մեր առեւտրաշրջանառութիւնը արդէն 11 ամիսներու ընթացքին գերազանցած է 6 միլիառ տոլարի շեմը, արտաքին առեւտրաշրջանառութեան մասին է խօսքը, բայց չափազանց կարեւոր է այն, որ նաեւ կառուցուածքային փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են, որովհետեւ 2012-2013 թուականներուն մենք ունեցած ենք գրեթէ 6 միլիառ արժող արտաքին առեւտրաշրջանառութիւն, ուր, օրինակ, պատրաստի սնունդի արտածումը այդ ցուցանիշին մէջ եղած է 12-13 տոկոս, իսկ հիմա գրեթէ կը հասնի մէկ քառորդի: Ասիկա շատ լաւ եւ կարեւոր ցուցանիշ է: Ակնյայտ է, որ այսպիսի ցուցանիշներ դրական ազդեցութիւն ունին ֆինանսական, մաքրոտնտեսական կայունութեան վրայ», յայտնած է նախագահը:
Սերժ Սարգսեան նաեւ անդրադարձած է այն երեւոյթին, որ հայկական դրամը եւս կայուն վիճակի մէջ է` աւելցնելով, որ այս բոլորին մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունին գործարարները, որոնցմէ խնդրած է աւելի աշխուժ կերպով գործել 2018-ին, մանաւանդ նկատի ունենալով այն, որ 2018 թուականի գարնան նոր Սահմանադրութիւնը լիովին կը մտնէ ուժի մէջ:
Իր խօսքի աւարտին նախագահ Սարգսեան կոչ ուղղած է բոլորին, առանց տատամսելու անցնելու գործի, մանաւանդ որ կառավարական մարմիններուն եւ իրենց միջեւ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ իրական, եւ ոչ թէ` իբրեւ ստուգող, կամ պատժող մարմինի եւ գործարարութիւն կատարողներու միջեւ: