Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Հայաստանի իր պաշտօնակիցին՝ Զօհրապ Մնացականեանի հետ հանդիպումի աւարտին ուշագրաւ յայտարարութիւն մը կատարեց: Լաւրով անդրադարձաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեանը, թէ « Թուրքիան պէտք է աւելի աշխոյժ դերակատարութիւն ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ծիրին մէջ,ինչպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափով, այնպէս ալ այլ ձեւաչափերու մէջ»:
Հանդիպումէն ետք կնքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Լաւրով յիշեցուց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ միջնորդութեան լիազօրութիւն ունին երեք համանախագահ երկիրներ՝ Ռուսիա, Մ. Նահանգներ եւ Ֆրանսա՝ ընդգծելով, որ Մոսկուայի մէջ ուրբաթ գիշեր ընդունուած զինադադարի եռակողմ յայտարարութեան կէտերէն մէկը հաստատել էր բանակցային գործընթացի ձեւաչափի անփոփոխելիութիւնը:
Լաւրով ընդգծեց, թէ Իլհամ Ալիեւը նոյնպէս ողջունած է մոսկովեան համաձայնութեան կէտերը: Ան նաեւ յայտնեց, թէ սոյն որոշումը հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին փոխանցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին: Վերջինս զօրակցութիւն յայտնած է զինադադարի համաձայնագիրին: