ՆՈՐԱ Թ.
Վերջին անգամ զինք տեսայ հեռատեսիլէն, «Ազատութեան» հրապարակը, օփերայի կողքին, հայութեան ցաւի եւ պոռթկումի մէկ պահուն:
Բեմ բարձրացաւ` խաղալու համար իր դերը «Ազգային արժանապատուութիւն» կոչուող թատերակին մէջ, բեմ բարձրացաւ` վերջին անգամ յիշեցնելու համար, որ «ես դեռ հո՛ս եմ», որ հայ մտաւորականութիւնը ներկա՛յ է:
Ձայնը խրոխտ էր, կեցուածքը` ամուր, բայց ուղեղը յոգնած էր, ուղեղը կը տառապէր հայ ժողովուրդը կաթուածի ենթարկած ցաւերով եւ կորուստներով, ուղեղը պարպուած էր գաղափարներէ, միտքերէ եւ նոյնիսկ երազներէ…
Եւ ուղեղը չդիմացաւ:
Վիգէնը ճանչցանք 2000-ին, երբ միացաւ Ճեմարանի ուսուցչական կազմին իբրեւ թատրոնի ուսուցիչ:
Բեմադրիչ, դերասան, արուեստագէտ Վիգէնին հետ առօրեայ եւ երկարամեայ պաշտօնակցութեամբ բացայայտեցինք ուսուցիչը, մանկավարժը եւ մանաւա՛նդ դաստիարակը:
Շատ արագ եւ մեծ վարպետութեամբ Վիգէնը գտաւ աշակերտները թատրոնին կապելու հնարքները, ճշդեց նպատակներ եւ անցաւ գործի: Արուեստի նկատմամբ բարձրորակ ճաշակը, անմիջականութիւնը եւ ընկերային խառնուածքը շատ արագ բոլորս մօտեցուցին իրեն եւ իր արուեստին: Իր ամբողջ կարողականութիւնը եւ ճիգերը լարեց` ստեղծելով մշակութային հովանի մը, որուն տակ սնեց իր սաները եւ գուրգուրաց անոնց ծլումին ու ծաղկումին: Դիւրին չէր Վիգէնի աշակերտ ըլլալ. աշխատանք, հետեւողականութիւն եւ «ազատ» կարգապահութիւն մը կը պահանջէր: Ան մերթ խիստ եւ ջղային էր, մերթ` ընկերական եւ հոգատար, բայց միշտ փնտռուած եւ սիրուած բոլորին կողմէ:
Ամավերջի հանդէսներուն դպրոցի բակը կը վերածէր մշակութային ժամադրավայրի, ուր կը մէկտեղուէին ծնողներ,հարազատներ եւ բարեկամներ` վայելելու հարիւրաւոր աշակերտներու պարի, երգի եւ թատրոնի կատարումները: Վիգէնը իր հեղինակած բեմադրութիւններու նիւթերը պատրաստելէ զատ, կը յօրինէր նիւթին յարմար երգեր, կը զբաղէր տարազներու եւ տեքորի մանրամասնութիւններով` բեմը վերածելով հեքիաթային աշխարհի մը:
Դպրոցին մէջ տիրող թատերական այս խանդավառ մթնոլորտը առիթ ստեղծեց խումբ մը աշակերտներու միանալու իր ղեկավարածՀամազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբին, մինչ միւսները, ինչպէս ինք կ՛ըսէր` պիտի դառնային «լաւ հանդիսատես»-ներ:
Լաւ կը յիշեմ այն օրը, երբ Վիգէն փոխանցեց Հայաստան վերադառնալու իր որոշումը. «Ստեղծագործ միջավայրս կը փնտռեմ», ըսաւ ան:
Վերադարձաւ հայրենիք` բազմաթիւ ծրագիրներով բեռնաւորուած:
Ճեմարանի հետ կապը պահեց ամուր` միշտ հետաքրքրուելով եւ հեռուէն հետեւելով իր աշակերտներու յաջողութիւններուն, որոնց հետ ունեցած ուսուցիչ-աշակերտ կապը արդէն վերածուած էր բարեկամական մտերմութեան:
Ճեմարանի յարկին տակ, Վիգէնի հսկողութեամբ անոնց ստացած մշակոյթի եւ մանաւա՛նդ թատրոնի հանդէպ սէրը, թատերական արուեստին գաղտնիքները եւ կապուածութիւնը անոնցմէ ոմանք մղեց մասնագիտանալու բեմադրութեան, թատրոնի, նկարահանումի մարզերուն մէջ` հպարտութիւն եւ հրճուանք պատճառելով իրենց առաջին ուսուցիչին:
Այսօր Վիգէնը չկայ, սակայն իր մանկավարժական աշխատանքի արգասիքը արդէն ներկայ է: Ճեմարանի անցեալի հանդէսներու փոքրիկ դերասանները դարձած են արուեստագէտներ եւ սկսած են ստեղծագործել` իրենց ուղեղներուն մէջ վառ պահելով իրենց ուսուցիչին` Վիգէն Ստեփանեանին «միտքերը, գաղափարները եւ երազները…»: